ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի դատական իշխանութեան ղեկավար սէյիտ Իպրահիմ Ռայիսի Ուրբաթ օր տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան յաղթանակ արձանագրելով՝ դարձաւ Իրանի նախագահ:
Ընտրութիւններուն մասնակցեցան 28.9 միլիոն քուէարկողներ: Մասնակցութեան համեմատութիւնն էր՝ 48.8 առ հարիւր: 60 տարեկան Ռայիսի ստացաւ 17.9 միլիոն քուէներ, այսինքն՝ քուէներուն 62 տոկոսը:
Երկրին գործող նախագահ Հասան Ռուհանի հանդիպում ունեցաւ Ռայիսի հետ եւ շնորհաւորեց անոր յաղթանակը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆ ընտրեալ նախագահը «ողջամիտ» կոչեց եւ յայտնեց, որ ան Իրանը «լաւ կերպով» պիտի ղեկավարէ:
Իրանի նախագահը գերագոյն հոգեւոր պետէն ետք երկրին մէջ երկրորդ կարեւորագոյն պաշտօնն է, որ կ՛ընտրուի չորս տարուան ժամկէտով՝ ընդհանուր ընտրութիւններու միջոցով: Պաշտօնին ընտրուած անձը չի կրնար աւելի քան երկու անգամ պաշտօնավարել:
Նշենք, որ սէյիտ Իպրահիմ Ռայիսիի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներ հաստատուած են: