
Եւրոպայի ֆութպոլի համադաշնակցութեան՝ ԵՈՒԷԷՖԱի զարգացման մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի 16 տարեկանէն վար ֆութպոլի խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը՝ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ղրղըզիստանը:
Իր առաջին մրցումին, Հայաստանի կազմը 4-0 արդիւնքով յաղթած էր Լիբանանի կազմին: