ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Լրագրողներ առանց սահմաններու» միջազգային կազմակերպութիւնը յայտնեց, որ ատրպէյճանցի զինուորները մահուան սպառնալիքներ ուղղեցին Գեղարքունիքի մարզին մէջ՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին մօտ իրենց աշխատանքը կատարող սպանացի լրագրողներու հասցէին:
«Թուիթըր»ի իր էջին վրայ այս երեւոյթին անդրադառնալով՝ կազմակերպութիւնը կը դատապարտէ լրագրողներու նկատմամբ նման անընդունելի այս վարքագիծը: