- Կենսագրութիւն
- She Has Made Us Better BY SARO DER OHANESSIAN
- Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի Հոգեճաշին՝ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան Ատենապետին Խօսքը
- Ընկերուհի Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանին Ժարմէն Միրզախանեան
- Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Լոս Անճելըսի Ընկերակցութեան Խօսքը՝ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի Յիշատակին
- Նուիրեալ Ճեմարանական՝ Սաթիկ Սապունճեան Տէր Յովհաննէսեանի Յիշատակին ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
- Շնորհակալիք Եւ Նուիրատուութիւններ
Կենսագրութիւն

Սաթիկ Սապունճեան Տէր Յովհաննէսեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 6 Յունուար 1949ին: Դուստրն էր Կարապետ եւ Անժէլ Սապունճեաններուն, որոնք Սաթիկէն ետք բախտաւորուած են երկու մանչ զաւակներով՝ Հրայր ու Ժիրայր:
Սաթիկը հասակ առած է պահպանողական, ազգային եւ ջերմ մթնոլորտով հարուստ ընտանիքի մը յարկին տակ: Ան յաճախած է տեղւոյն Ազգային Հայկազեան վարժարանը, զոր աւարտած է 1963ին: Երկրորդական ուսումը ստացած է Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ: Եղած է յառաջադեմ, աշխոյժ ու գործունեայ աշակերտուհի մը: 1969ին աւարտած է երկրորդական ուսումը տիրանալով Սուրիական պաքալորէային ու Ճեմարանի նոյն տարուան ամավերջին աւարտական հանդիսութեան՝ յանուն շրջանաւարտ իր դասարանին ինք փոխանցած է վերջին ուղերձը:
Դպրոցական տարիներուն ան եղած է ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ արծուիկ ու հետագային խմբապետուհի, միշտ մնալով հետամուտ՝ իր հայեցի դաստիարակութեամբ ու կիրթ կեցուածքով օրինակ հանդիսանալով պարմանուհիներուն ու զանոնք պատրաստելով՝ իբրեւ մշակուած նկարագիրով հայուհիներ:
Սուրիոյ մէջ հետզհետէ վատթարացող քաղաքական ու տնտեսական պայմանները կը մղեն Սապունճեան ընտանիքը 1969ին փոխադրուելու Լոս Անճելըս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Սաթիկը Լոս Անճելըսի մէջ կը շարունակէ իր բարձրագույն ուսումը LA City college-ին մէջ, մասնագիտանալով տնտեսագիտութեան մէջ: Ժրաջան եւ աշխատասէր իր նկարագրով ու ընտանիքին նիւթապէս օժանդակելու գիտակից պարտականութեան ճնշման տակ, ուսումնառութեան շրջանին նաեւ կը սկսի աշխատիլ եւ օգտակար հանդիսանալ իր ընտանիքին՝ միաժամանակ ապահովելով բարձր նիշեր:
Լոս Անճելըս հաստատուած առաջին ժամանակշրջանին, Սաթիկը, ընդառաջելով իր ազգանուէր նկարագրի կոչին մաս կը կազմէ Համազգայինի վարչական կազմին, նաեւ հիմնադիրներէն մէկը կը հանդիսանայ Լոս Անճելըսի ՀՄԸՄի սկաուտութեան:
Սաթիկին յաճախած երկորդական վարժարանը՝ Քարէն Եփփէն, ազգային բարձր մակարդակի հայաշունչ ուսումնարան մըն էր, ուր Սուրիոյ զանազան քաղաքներէն հայ ընտանիքներ իրենց զաւակները կ՛ուղարկէին անոնց հայեցի դաստիարակութիւն եւ ուսում ապահովելու համար: Սաթիկը Ճեմարան յաճախած ժամանակաշրջանին կը ծանօթանայ Դամասկոսէն Քարէն Եփփէ ճեմարան յաճախող Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի հետ: Ճեմարանի տարիները կ՛ըլլան դաստիարակիչ, յուսալից եւ խոստումնալից:
1969ին Մհերը եւս կը հաստատուի Լոս Անճելըս՝ իր բարձրագոյն ուսումը շարունակելու համար: Իր երախտագիտութիւնը արտայայտելու եւ Ճեմարանի ուսումնական անուշ յուշերը վերապրելու համար, Մհերը յաճախ այցելութիւն կու տար Ճեմարանի իր յաճախած տարիներու Ճեմարանի փոխտնօրէն Սաթիկի հօր՝ պրն. Սապունճեանի եւ միասին կը վայելէին որակալի պահեր: Այս այցելութիւնները պատեհ առիթը կը ստեղծեն Մհերին դարձեալ հանդիպելու Սաթիկի հետ ու յաջորդող տարիներուն մշակելու մտերմիկ յարաբերութիւն, որ պիտի առաջնորդէր զիրենք դէպի ամուսնութիւն:
Մհերը եւ Սաթիկը կը նշանուին 1974ին եւ կը պսակուին 23 Օգոստոս 1975ին: Անոնք կը բախտաւորուին երկու մանչ զաւակներով՝ Արի եւ Սարօ:
Սաթիկը Ճեմարանի տարիներուն իր ստացած հայաշունչ դաստիարակութիւնը եւ ապրած արժէքներն ու կենցաղը յաջողութեամբ կը կարենայ փոխանցել իր զաւակներուն, որոնք հասակ կ՛առնեն ու կը մեծնան հայկական բարքերով ու սովորութիւններով՝ հարուստ ընտանեկան ջերմ, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ բոլորելով յաջող տարիներ: Սաթիկը միշտ կը մնայ Արիին ու Սարոյին կողքին՝ անոնց բոլոր քայլերուն հետեւելով եւ ուղղելով զանոնք դէպի բարին ու լաւագոյնը:
Մհերը եւ Սաթիկը եղան օրինակելի եւ իւրայատուկ ամոլ մը: Անոնք միասնական ջանքերով եւ իրարու հանդէպ բացառիկ հաղորդակցական կապով ու իրարօգնութեամբ կը յաջողին իրականութիւն դարձնել իրենց յոյսերն ու երազները, հասնիլ բարօր դիրքի եւ իրենց արդար վաստակէն միշտ բաժին հանել Լոս Անճելըսի հայ գաղութին՝ եկեղեցւոյ, կազմակերպութիւններու, միութիւններու, հայրենիքին ու Հայ Դատին: Անոնց օժանդակութիւններէն զերծ չեն մնար նաեւ անհատներ, ընտանիքներ, պաշտօնեաներ ու մտերիմ բարեկամներ: Յատուկ յիշատակումի արժանի է անոնց բարերարութիւնը Քրենսենթա Հովիտի Երիտասարդական Կեդրոնի հիմնադրութեան, որ կը նպատակադրէր՝ իբրեւ կեդրոնատեղի ծառայել հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու համախմբումին այս յարկին տակ, անոնց ջամբելով մեր ազգային ու ընկերային սովորութիւնները եւ բարքերը ու հայ պատկանելիութեան հպարտանքը:
Սաթիկի նկարագիրը կը յատկանշուէր իր կազմակերպական կարողութեամբ, բծախնդիր ու անխոնջ աշխատասիրութեամբ, շրջահայացութեամբ եւ բոլորին օգտակար հանդիսանալու տենչով ու կատարելապաշտութեամբ, գիծեր որոնք կ՛արտացոլային ու կը գործադրուէին անոր անհատական, ընկերային, միութենական, մասնագիտական թէ առօրեայ կեանքին ընթացքին: Այս առաւելութիւններով օժտուած՝ ըլլալով Մհերի կողքին, անոնք հաստատեցին հաշուապահական ընկերութիւն մը, որուն մասնագիտական ծառայութիւնները, օժանադակութիւնները եւ վստահութիւնը կը վայելեն բազմաթիւ ընտանիքներ ու անհատներ եւ ամբողջ գաղութ մը: Սաթիկի դրոշմը կարելի է տեսնել ամեն տեղ: Դժուար պիտի ըլլայ հանդիպիլ անձի մը, ծանօթի մը, որուն կեանքին մէջ ձեւով մը Սաթիկը դեր խաղացած չըլլար: Ան սէրը եւ համակրանքը վայելեց ամուսնոյն, զաւակներուն, հարսերուն, թոռներուն ու մեծ թիւով անհատներու: Արդիւնաբեր ու գոհացուցիչ տարիներ բոլորեցան՝ միշտ դասաւորելով գալիքն ու նորանոր ծրագիրներ:
Դժբախտաբար անսպասելի վայրկեանի մը պատահեցաւ ամէնէն դառն բաժանումը, եւ վաղահաս մահը կեանքէն խլեց Սաթիկը 19 Մայիս 2021ի առաւօտեան ժամը 1ին, իր սիրեցեալ ամուսնոյն ձեռքերուն մէջ աւանդելով հոգին ու սուգի մատնելով ամբողջ գերդաստան մը եւ գաղութ մը:
Յիշատակը անմար. Աստուած հոգին լուսաւորէ ու զայն արժանի ընէ յաւիտենական հանգիստի:
She Has Made Us Better
During a reception on June 2 celebrating the life of Satig Der Ohanessian, her son, Saro, shared his heartfelt personal thoughts reflecting on her mother’s selfless devotion to her family and community.

Death must be so beautiful. To lie in the soft brown earth, with the grasses waiving above one’s head, and listen to the silence. To have no yesterday, and no tomorrow. To forget time, to forgive life, and to be at peace.
—Oscar Wilde
BY SARO DER OHANESSIAN
On May 19, 2021, we were faced with the unexpected and sudden departure of my beloved mother, the matriarch of our family. A woman larger than life, a woman that accomplished and lived more in one lifetime than most can even dream. Therefore, finding the words to articulate the grief felt in my mother’s sudden loss while celebrating her many successes has not been an easy task. What can I say? She gave us life, she raised us, and nurtured us; and through her example, she demonstrated an extraordinary hero-esque persona. Her lasting legacy will forever be memorialized through the life she led, those she loved and unwavering support for her surroundings and community. She instilled values in all of us, which will be passed on to her granddaughters for generations to come. Values like the importance of hard work and serving one’s community, her altruism and selflessness towards those close to her, as well as those that merely encountered her passing by.
As her youngest child, I feel incredibly blessed to have had the opportunity to have been her son, but also to have worked beside her every day. To the public, she was the matriarch of our family and a pillar in our community, but to us, she was her husband’s greatest motivator, an unshakeable support system for her sons, and beloved grandmother to our children.
Archimedes once wrote; give man a lever and a fulcrum and watch him move the world. I can only parallel this idiom to my mother’s divine inspiration and fortitude in every regard of her life and every task that she undertook. Be it the perfect wife, mother, grandmother, friend, neighbor or leader; the essence of perfection ran through my mother’s veins. For her, there was simply no substitute, no alternative, and no excuse. As a youth leader within the ranks of Homentmen, my mother led and taught though her inspirations. I am reminded of the simple ideology and the credo of Homentmen in its simplest form “Partsratsir yev partsratsoor”, this was the bible in which my mother led her life in every facet. She would rise and set the bar to the highest levels, inspire, challenge, and demand that everyone around her would rise with the same tenacity and attention to perfection and ultimately succeed. She was a leader, our pillar and our educator; she was my teacher. Though I would never admit to her out of fear of encouraging more of her scheduled morning lectures and advise, but I would anticipate those 8:00 o’clock telephone calls while on my way to work. It gave me a sense of calm and peace of mind that no matter I would face that day, I had someone to turn to always.
One of her most admirable, and rare, qualities was how much she cared for her family, her friends, and all those she loved. Without question or hesitation, she would take the burdens of others on her own shoulders and assuage their pains in her immeasurable capacity and beyond. If a friend were to befall an illness or pain, she would make it her priority to ensure they were receiving the care needed by personally following up with clients and acquaintances alike in the medical profession. If someone she loved was in the hospital, she often visited or sent a token of remembrance to let you know she was empathetic to your hardships and that someone was thinking of you. She was truly a remarkable person, and a celebration of my mother’s life would be incomplete and fruitless without understanding her compassion and kindness. She was the glue that held our family together, the glue that bound friendships and relationships alike. She exemplified selflessness in every delineation of the word.
Before closing, I would like to touch on her greatest achievements, her granddaughters. As Armenians, we have an intimate understanding in the importance of protecting our future generations. Whenever she had the opportunity, she showered her grandchildren with love in only a way that Satig could. My mother’s lifelong hope, well more so expectation, was for her grandchildren to follow in the path in which she paved as a beacon of this community. She believed that this noble path must begin with an Armenian education. Therefore, one of her proudest moments, and coincidentally a mere eight hours prior to her passing, she had the opportunity to enroll my daughter, Alique, at Rose and Alex Pilibos. While there, and out of God’s sheer grace and plan; my wife Theresa and Alique were also there unplanned, picking up her school uniform. Alique, overflowing with elation, grabbed my mother’s hand and gave her a tour of her school that 2 months from now she would attend, and my mother would have been present walking her through the halls on her very first day. It breaks my heart that those halls will never bare witness of my mother’s pride and elation and lie merely as barren and hollowed structures without her smile, but I am comforted at the reality that with each turn in life, each stroll down those hallways, her grandchildren will be reminded of the life that she led, reminded of her accomplishments, her love and passions by those that had the privilege to know Satig Der Ohanessian.
It is a beautiful burden for a son to outlive his mother. Although we are sad now, we take great comfort in the memories, the joy, and the life she has lived. We carry great pride in the values she represented throughout her lifetime. She has made us better men, better sons, and better people, just as she made her community better. For my family and her community, her legacy will be one of kindness, hard work, and love. She truly embodied what it means to be a good and righteous Armenian. Her sense of being there for family, friends and community all came down to the same notion and her life’s purpose; to get where she was going, roll-up your sleeves and get it done. Throughout her life, she demonstrated that philosophy time and time again. So, when she encouraged her family, her friends, and her neighbors to do the same, they weren’t just empty words. She was the example. That is her legacy. That is the legacy I hope each of you are left with as you leave here today, and that is the legacy my family and I intend to carry forward forever, so that future generations remember with reverence, the strongest and most resilient branch of our family tree.
Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի Հոգեճաշին՝ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան Ատենապետին Խօսքը
Ստորեւ կու տանք Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի հոգեճաշին ընթացքին Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան (ACF) ատենապետ Աւետիք Իզմիրլեանի արտասանած խօսքը.

Սրբազան հայր, սիրելի սգակիցներ եւ բարեկամներ,
Երբ ինծի առաջարկեցին խօսք առնել սիրելի Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի հոգեճաշին, պահ մը մտածեցի, թէ դիւրին պիտի ըլլայ այդ մէկը կատարելը, սակայն յետոյ անդրադարձայ, թէ որքան դժուար է Սաթիկի նման իւրայատուկ անձնաւորութիւն մը պատկերացնելու համար ճիշդ բառերը գտնելը:
Այսօր հողին յանձնեցինք մեր սիրելի Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանը, որուն մահը՝ իբրեւ մարդկային կորուստ մեծ ցաւ պատճառելէ անդին, մեր գաղութէն խլեց օրինակելի հայ մը, որուն բացակայութիւնը զգալի պիտի ըլլայ բոլորիս համար. հայ կին մը ,որ եղած է ամբողջական զոհաբերում՝ իր ընտանիքին համար եւ համակ նուիրում՝ իր ազգին համար: Անկասկած կորուստ մը մարդկային ընկերութեան համար:
Հաւատարիմ ազգային մը, որ արժանացած էր եւ կը վայելէր բոլորիս սէրը, յարգանքը եւ համակրանքը: Իր ամբողջ էութեամբ հայ կնոջ արժէքները ներկայացնող անձնաւորութիւն մը, ամէնէն ծանր պահերուն միշտ առաջին գիծի վրայ պինդ կանգնելով՝ մեր մեծ ընտանիքին հետ միասին, դիմագրաւելու մեր առջեւ դրուած մարտահրաւէրները:
Եւ այս բոլորը կը կատարէր համեստութեամբ, ազնուութեամբ, երբեմն արտայայտուելով, երբեմն ոչ, սակայն երբեք կարելի չէր իր անկեղծութիւնը կասկածի տակ առնել, երբ կ՛ըսէր այն, ինչը կը զգար, միշտ յարգելով իր խօսակիցը եւ յա՛տկապէս միշտ համեստ ժպիտով մը: Խոնարհ եւ նուիրաբերող, առաքինութիւններ՝ որոնցմով մեր մեծ ընտանիքը հարստացած է:
Մեր համայնքին համար մեծ կորուստ մըն է Սաթիկի մահը: Եւ ինչպէս համայնքի շատ ու շատ ազգային հաստատութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, մենք եւս կորսնցուցինք նուիրեալ բարեկամ մը:
Սաթիկը, այո, մեր անվերապահ բարերարն էր տասնամեակներ շարունակ իր կողակիցին՝ մեր սիրելի Մհերին հետ միասին, բայց ան նաեւ մեր գաղափարակից զինուորագրեալն էր, որովհետեւ կը հաւատար մեր ազգի յաւերժականութեան ու մեր համայնքային հաստատութիւններու առաքելութեան:
Տակաւին թարմ է մեր յիշողութեան մէջ. չորս տարի առաջ, Լա Քրեսենթայի մեր կեդրոնի անուանումը: Սաթիկի անունը այսօր դրոշմուած է Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննեսեանի կեդրոնին վրայ, շնորհիւ իրենց ազնուական նուիրատուութեան, բայց այն, ինչը երբեմն կրնայ վրիպիլ մարդոց ուշադրութենէն կամ յիշողութենէն, այն է՝ որ Սաթիկը, ու բնականաբար Մհերը, իրենց հոգածութիւնը կը տրամադրէին, թէկուզ աւելի աննշան, բայց յոյժ կարեւոր նուիրահաւաքներու, եւ այս՝ տասնամեակներու վրայ երկարող, եւ Մհերին հետ ձեռք ձեռքի տուած: Չեմ կարծեր, որ կար որեւէ դիմում, որեւէ կազմակերպութեան կողմէ, որ անպատասխան մնար:
Բայց բարերարութիւնը մէկ մասն էր Սաթիկի էութեան: Ան նաեւ անմնացորդ զինուորագրեալն էր Հայ Դատին, եւ համայնքային գործունէութեան՝ յատկապէս մշակութային, կրթական եւ բարեսիրական բնագաւառներուն մէջ: Միշտ հետեւող իրադարձութիւններուն, Հայաստանի եւ հայութեան խնդիրներով հոգի մաշեցնող, միշտ մտահոգ, միշտ առաջարկներ ու խորհուրդ տրամադրող: Մէկ խօսքով, Սաթիկը մեր լիարժէք գործընկերն էր, եւ անոր համար ալ՝ մեծ է մեր կորուստը:
Մենք երախտապարտ կը մնանք իր ծառայութեան եւ զօրակցութեան համար, եւ մենք զմեզ բախտաւոր կը զգանք, որ ունեցած ենք Սաթիկին նման նուիրեալ հայ մը, Սաթիկին պէս անձնաւորութիւն մը մեր կազմակերպութեան մէջ՝ իբրեւ մեր զօրակիցը, մեր բարեկամը, մեր բարերարը:
Սաթիկը պիտի ննջէ հանգիստ եւ յաւերժօրէն, որովհետեւ իր բոլոր պարտականութիւններտ աւելիով կատարեց:
Յանուն Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան՝ ACFին, եւ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին՝ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Սաթիկի ամուսնոյն՝ Մհերին, զաւակներուն՝ Արիին եւ Լուսինէին, Սարոյին եւ Թրիսային, թոռնիկներուն‘ Մանէին, Ալիքին եւ Արեւին, եղբայրներուն՝ Ժիրայրին, Հրայրին եւ Լուսիին, եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն եւ բարեկամներուն:
Սիրելի Մհեր,
Ճիշդ է, որ Սաթիկը եւ դուն մէկ ամբողջութիւն էիք, եւ կարելի չէ տարբեր պատկերացում ունենալ: Ձեր բազմաբեղուն հասարակական գործունէութիւնը, մշտական մասնակցութիւնը Դաշնակցութեան, ACF-ին, Հայ Դատին, ՀՕՄին, ՀՄԸՄին, «Ասպարէզ»ին, «Հորիզոն»ին, եկեղեցւոյ եւ բազմաթիւ այլ հաստատութիւններու նախաձեռնութիւններուն, մեծապէս օրինակելի է եւ այդ ամբողջութիւնը այդպիսով պիտի յաւերժանայ մեր միտքերուն մէջ:
Այսօր, նաեւ ճիշդ է ըսել, թէ այդ ամբողջութիւնը դուն կը ներկայացնես: Ընտանիքդ, մենք, եւ ազգդ պէտք ունինք քեզի:
Ընկերուհի Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանին
ԺԱՐՄԷՆ ՄԻՐԶԱԽԱՆԵԱՆ

«Ինչ որ կ՛ուզես, որ մարդիկ քեզ անեն, նոյնպէս էլ դու արա նրանց»։ Սրանք Աստծոյ պատուիրաններն են մեզ՝ մահկանացուներիս: Ինչու՞ յիշեցի Բարձրեալի այս պատգամները այսօր, հէնց այս պահին: Քանի որ մենք այսօր հրաժեշտ ենք տալիս մի հրեշտակային անձնաւորութեան, որի ողջ կեանքն այս խօսքերին հնազանդելու մի վառ օրինակ էր:
Ասուածի վառ օրինակ էր ՀՕՄի Գլենդելի «Սիփան» մասնաճիւղի սրտացաւ ընկերուհի, բարերար Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանը, ով իր ներսում կրում էր առաքինի կնոջ բոլոր որակները. բարեգթութիւն, ողորմածութիւն, համբերատարութիւն, զսպուածութիւն, եղբայրասիրութիւն, հոգատարութիւն, որոնք բոլորն էլ Սուրբ Հոգու պտուղներն են:
Ընկերուհի Սաթիկը չէր ապրում միայն իր հոգսերով ու խնդիրներով, որոնք իւրաքանչիւրիս հրամցնում է «կեանք» ասուածը: Նա, իսկապէս, կեանքի, ապրելու նպատակ էր դարձրել նաեւ ուրիշներին օգնելն ու նրանց վշտերին կարեկից լինելը: Աշխարհիկ մարդիկ նրա նմաններին կոչում են «մարդ՝ մեծատառով»: Հոգեւոր մարդիկ, նրանց անուանում են «առաքինի կին»: «Առաքինի կինը պարգեւ է Աստծուց», նշւում է Աստուածաշնչում:
Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանը երկար տարիներ եղել է ՀՕՄուհի: Ասել է, թէ սիրայօժար ծառայել է ազգին ու Հայրենիքին: Կան մարդիկ, ովքեր իրենց գործերով ունակ են կեանքեր փոխելու: Հէնց այդպիսիներից էր մեր բոլորի կողմից սիրուած ու յարգուած ընկերուհի Սաթիկը: Իր ապրած կեանքը պայծառ օրինակ էր շուրջիններիս. մասնաւորապէս ՀՕՄուհիներիս համար, իսկ նրա կատարած անվերջանալի օգնութիւնները՝ մարդասիրական, հոգու ծով բարութեան աներեւակայելի դրսեւորումներ էին կարօտեալ մեր շատ ու շատ հայրենակիցների համար: ՀՕՄի իմ բոլոր ընկերուհիները կը վկայեն. հովանաւորութեան որեւէ խնդրանք երբեւէ չի մերժուել ընկհ. Սաթիկ-բարերարի կողմից:
Յիշում եմ մեր վերջին հանդիպումը համաճարակից առաջ: Հրաւիրել էր «Կարուսել» ճաշարան: Հետաքրքրւում էր մեր ապագայ ծրագրերով: Ականջիս մէջ են իր խօսքերը. «Ընկերուհի Ժարմէն, ես չեմ կարողանում մասնակցել ժողովներին, բայց բոլոր հանգանակութիւնների մասին ինձ խնդրում եմ տեղեակ պահիր: Ուզում եմ օգտակար լինել»:
Ընկերուհի Սաթիկի ամուսնուց տեղեկացայ, որ իր վերջին բարեգործութիւնը եղել է մահուանից մէկ օր առաջ: Յիրաւի մեծ էր ընկերուհի Սաթիկի դերը մեր համայնքում եւ իրապէս նոյնքան մեծ է նրա կորուստը իւրաքանչիւրիս համար: Խօսելով այս հրաշալի կնոջ մասին, պարզապէս չեմ կարող շրջանցել, չխօսել նրա կին տեսակի մասին: Նա շատ հաճելի էր իր բնաւորութեամբ. մեղմ ու հանգիստ, քնքուշ, անչափ կանացի, կիրթ, համբերատար ունկնդիր: Զարմանալիօրէն նկատում ու գնահատում էր գեղեցիկը: Որեւէ ճաշակով, հագուստ, սանտրուածք, կազմակերպուած միջոցառում, ծաղկային ձեւաւորում երբեք չէր անտեսի: Ոգեւորիչ խօսքերով կը գնահատէր, կը հաճոյախօսէր՝ իր հոգու մաքրութիւնն, դրական ուժը փոխանցելով խօսակցին:
Մեր աչքից չէր վրիպում նաեւ նրա նուիրուածութիւնը ընտանիքին՝ ամուսնուն, զաւակներին, թոռներին, ովքեր, վստահ եմ ամենայն հպարտութեամբ պիտի յիշեն նրա անունը:
Թող քո տունը լինի այսուհետ երկնքի արքայութիւնը, Աստուածային թագաւորութիւնը, որին դու այնքան արժանի ես հրեշտակային կին, ընկերուհի Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան:
Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի Լոս Անճելըսի Ընկերակցութեան Խօսքը՝ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի Յիշատակին
ԾՈՎԻՆԱՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ-ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Գերաշնորհ սրբազան հայր եւ հոգեւոր հայրեր,
Սիրելի Տէր Յովհաննէսեան եւ Սապունճեան ընտանիքներ,
Յարգելի սգակիրներ,
Այսօր, Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի ընտանիքը եւ յատկապէս Լոս Անճելըսի ընկերակցութիւնը համայնքի այլ կազմակերպութիւններու հետ կը սգայ մեր բոլորին շատ սիրելի Սաթիկ Սապունճեան- Տէր Յովհաննէսեանի անժամանակ մահուան դառն կորուստը:

Այս գաղութէն ներս հաստատուելու իրենց ոսկեայ տարիներու ընթացքին, Սաթիկ եւ Մհեր ձեռք-ձեռքի տուած՝ ստեղծեցին արժանավայել կեանք մը ու դարձան յարգելի, փնտռուած ու մշտական ներկայութիւն մեր ազգային թէ հաւաքական կեանքէն ներս, իրենց բաժին ինկած Աստուծոյ բարիքներէն բաժին հանելով ազգին: Բայց մանաւա՛նդ, անոնք ընդգրկուեցան Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Լոս Անճելըսի ընկերակցութեան գործունէութեան մէջ:
Իր կողակիցին՝ Մհերին, հետ Սաթիկ առաջիններէն էր, որ 1977ին, ճեմարանի 30ամեակին առթիւ, խումբ մը ճեմարանականներու հետ հաւաք կը կազմակերպեն եւ հիմը կը դնեն Լոս Անճելըսի Քարէն Եփփէ Ճեմարանականներու ընկերակցութեան: Իրենց գլխաւոր նպատակն էր օգնութեան ձեռք երկարել արժանաւոր ուսանողներու, որոնց ուսումնառութեան երազը կրնար այլապէս անկատար մնալ:
Աւելի՛ն, Սաթիկին հայրը՝ պրն. Կարապետ Սապունճեան, սերունդներ դաստիարակած էր այդ յարկին տակ՝ իբրեւ դասաւանդ ուսուցիչ, հաշուապահ եւ տնօրէնութեան խորհուրդի անդամ: Այս իրողութիւնը իր անմիջական դրոշմը ձգած էր Սաթիկին ներաշխարհին ձեւաւորման մէջ: Ան երկակի պատկանելիութիւն կը զգար Քարէն Եփփէ Ճեմարանին, թէ իբրեւ նախկին ուսանող եւ թէ իբրեւ վաստակաշատ ու յարգուած ուսուցիչի դուստր:
Սաթիկը, անսահման երախտագիտութեամբ զեղուն՝ գործօն մասնակցութիւն բերած էր գաղութէն ներս կայք հաստատած ճեմարանականներու հաւաքագրման աշխատանքներուն: Ան կարօտով եւ երջանկութեամբ կը յիշատակէր 70ական թուականները, երբ միայն հեռաձայնն էր հաղորդակցութեան գլխաւոր միջոցը, հիմնադիր վարչականները ջանք ու ճիգ չէին խնայեր Լոս Անճելըսի ճեմարանականներուն հետ կապ պահելու եւ գործունէութիւն ծաւալելու, որպէսզի օժանդակութիւն հասցնեն Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանին, ի նպաստ հա՛յ աշակերտին:
Տարիներու ընթացքին, այս երախտիքի վարքագիծը ոչ միայն չնահանջեց, այլ տակաւ առ տակաւ աճեցաւ, շատեր իրենց ծնողներուն յիշատակին սկսան սաներ հովանաւորել, ինչպէս Սաթիկը, որ Կարապետ եւ Անժէլ Սապունճեաններու յիշատակին յաւելեալ նուիրատուութիւններով՝ կարեւոր ներդրում ունեցաւ ընկերակցութեան բարգաւաճման մէջ, որ տարեկան հովանաւորած սաներուն թիւը հասցուց աւելի քան 90ի: Հալէպի ճեմարանը իր ուրոյն դրոշմը ձգած էր Սաթիկի կազմաւորման վրայ, դառնալով անոր կեանքի կարեւոր առանցքներէն մին: Եւ Սաթիկը այդ երախտիքը հաւատարմօրէն պահելով իր հոգիին մէջ՝ շարունակ վարձահատոյց եղաւ այդ հաստատութեան: Ճեմարանը, հայեցի այն ամրոցն էր, որ զինք սնուցած էր ազգային ոգիով եւ հոն կազմաւորուած էր իր մարդկային ու ազգային ազնիւ նկարագիրը:
Ու տակաւի՛ն, Սաթիկը մինչեւ իր մահուան վաղորդայնին կը շարունակէր իր ընկերային հանդիպումները իր համադասարանցիներուն հետ, գլխաւոր հենք ունենալով Ճեմարանը եւ անոր յիշատակները, որոնք միահիւսուած էին իր կեանքին վաղ երիտասարդական տարիներուն ու թանկարժէք էին իրեն համար՝ գանձի մը նման:
Ասոր մէկ այլ ցուցանիշն էր 1993ին Մհերին հետ ուղեւորութիւնը դէպի Հալէպ, յագուրդ տալու իր կարօտաբաղձութեան, մէկ առ մէկ փնտռելով, գտնելով ու հանդիպելով Ճեմարանի իր դասընկեր-դասընկերուհիներուն: Վերադարձին, ան անձնապէս հրաւիրեց եւ հիւրասիրեց իր մտերիմներէն մէկ քանին, պատեհութիւն ընծայելով, որ Լոս Անճելըսի համադասարանցիներուն հետ վերամիանան ու անցեալի յուշերու ծուէնները վերապրին:
Այսպէս էր Սաթիկը: Իր ընկերասիրութիւնն ու հիւրասիրութիւնը վայելած են մեզմէ շատեր, մինչ իր սրտաբուխ նուիրատուութիւները հասած են ամէնուր: Սաթիկին ձեռքը միշտ կ՛երկարէր մեր գաղութի բոլոր հաստատութիւններուն, Ազգային առաջնորդարան, եկեղեցի, դպրոց, Հայ Դատ, ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, «Ասպարէզ», Հայ կրթական հիմնարկութիւն, Համազգային եւ այլուր:
Այս բոլորը կը կատարէր սիրով եւ բարի կամեցողութեամբ, որովհետեւ ան կը ազգը համարէր իր երրորդ զաւակը: Այո՛, «Ազգը Մեր Երրորդ Զաւակն է» Կը դաւանէր Սաթիկը, ամէն պատեհ առիթի:
Այսպէս, երբ 2018ին կը շնորհաւորէինք զինք Քրեսենթա հովիտի Հայ կեդրոնին կատարած առատաձեռն նուիրատուութեան առթիւ, ան համեստաբար կը յարէր. «Ուզեցինք բան մը կտակել ազգին»: Որքան ալ այդ քայլը խրախուսիչ ըլլար, ետին թաքնուած էր այս աշխարհի անցաւորութեան գիտակցումը: Ազգօգուտ արարքին ետին կար այն անանցանելի իրողութիւնը, որ վերջապէս ամէն բան կրնայ անցողիկ ըլլալ, մնայունը այն է, որ ազգին կը կտակուի եւ իբրեւ անսասան կառոյց պիտի ծառայէ իր շառաւիղներուն. Հայ Կեդրոն՝ այս պարագային «Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» երիտասարդական կեդրոն:
Նման գեղեցիկ արարքներով, Սաթիկը կ՛իմաստաւորէր իր եւ սիրելի կողակիցին կեանքը: Ան նեցուկն էր Մհերին եւ անմնացորդ կերպով նուիրուած՝ ընտանիքին: Ան գիտէր իրենց հեւքոտ աշխատանքային առօրեայէն դուրս գալու միջոցներ ստեղծել, կազմակերպելով ընկերային կամ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ, յատկապէս տօնական առիթներով, ի մի բերելով մտերիմները իր սիրոյ սեղանին շուրջ:
Սաթիկը օժտուած էր շրջապատը ուրախացնելու իւրայատուկ տաղանդով մը, որ Ժպիտ սփռելու եւ հրճուանք պատճառելու ներքին մղումի մը ցուցանիշն էր եւ անմիջական արդիւնք՝ իր լաւատեսութեան եւ պայծառատեսութեան:
Սաթիկի անժամանակ մահով, ոչ միայն ընկերակցութիւնս, այլ ամբողջ համայնքը կորսնցուց ազնուազարմ հայուհի մը, որուն սիրտը ամէն բանէ առաջ կը բաբախէր ազգային կեանքով ու մտահոգութիւններով: Հայուհի, որ ազգը կը դաւանէր իր երրորդ զաւակը Արիին ու Սարոյին կողքին:
Քարէն Եփփէ Ճեմարանի ընկերակցութիւնը իր յոբելենական տօնակատարութիւններու առիթներուն, ի շարս այլոց, խորհրդանշական կերպով երախտագիտութիւն յայտնած էր Սաթիկին, այս պարագային Տէր Յովհաննէսեան ամոլին, որ կ՛ամոքէ մեզ, որ ոչ միայն մահէն ետք, այլ իր կենդանութեան, մենք Սաթիկը քանիցս պատուած ենք ըստ արժանւոյն: Իսկ իր յիշատակը պիտի պահուի անթառամ այնպէս, ինչպէս էր ինք, միշտ թարմ, գեղեցիկ, մեղմ ու անմիջական:
Այսուհետեւ, երբեք նոյնը պիտի չըլլան առանց Սաթիկի Ճեմարանականներու լոսանճելըսեան հաւաքները, որոնց մնայուն զօրակցութիւն կը յայտնէր իր մշտական ներկայութեամբ, շրջապատուած սիրելիներով: Ամրագրուած պիտի մնայ յիշատակը անոր՝ իբրեւ ողնասիւներէն մէկը այս ընկերակցութեան, որ ժամանակին թաւալումին հետ ամբողջ 44 տարի մնաց կայուն, աներեր, ու տակաւին կը շարունակէ մեծաթիւ սաներու հովանաւորութիւնը:
Սաթիկին նուիրաբերումի աւանդը պիտի շարունակուի:
Իր սիրով եւ բարիքներով լեցուն կեանքը արժանի է տօնախմբութեան եւ յիշատակութեան, իր ժպտուն դէմքով, մեղմաբարոյ խառնուածքով, դրական վերաբերմունքով, ան միշտ հաճելի յուշ մը պիտի մնայ մեր բոլորին միտքերուն մէջ: Անողորմ մահը անսպասելիօրէն վերջ դրաւ անոր աշխարհիկ կեանքին, սակայն շրջապատին վրայ անոր ձգած հետքերը անհամեմատելիօրէն երկար պիտի յիշուին:
Վստահաբար, Սաթիկը անցաւ անմահներու շարքին, իր բարի գործերուն շնորհիւ ու անոր յիշատակը վառ պիտի մնայ երեք թոռնուհիներուն՝ Մանէին, Ալիքին ու Արեւին ընդմէջէն:
Քու մարգարտաշար յիշատակներովը չենք կրնար չյուզուիլ սիրելի Սաթիկ: Վստահ ենք, որ Մհերը եւ սիրասուն զաւակներդ ու հարսերդ՝ Արին եւ Լուսինէն, Սարօն եւ Թրիսան պիտի շարունակեն քեզմէ ժառանգ ձգուած նուիրաբերումի կտակդ:
Խունկ ու արցունք քու անո՜յշ յիշատակիդ:
Թող հոգիդ երկնքի արքայութեան մէջ ննջէ, սիրելի ու անզուգական Սաթիկ:
2 Յունիս 2021
Նուիրեալ Ճեմարանական՝ Սաթիկ Սապունճեան Տէր Յովհաննէսեանի Յիշատակին
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
«Մի գրէ՛ք, ծաղիկ պոկելը արգիլուած է,
որովհետեւ հովը կարդալ չի գիտեր»:
Արեւելեան առած
Օրերէ ի վեր, իբրեւ Հալէպի Ճեմարանականներ, մեր սիրելի ընկերուհի, բարեկամուհի, գաղութին ծանօթ բարերարուհի ու սրտակից՝ Սաթիկ Սապունճեան Տէր Յովհաննէսեանի ճակատագրի քմայքին ստեղծած սուգը մեծ վիշտ պատճառած է բոլորիս անխտիր: Որովհետեւ, առ յաւէտ կորսնցուցած ենք անձնաւորութիւն մը, որ կը սիրէինք, կը յարգէինք եւ մեծ ու արդար համարում ունէիք իրեն հանդէպ: Ու իր ընտանիքին կողքին, այս նաեւ մեծ կորուստն էր Հալէպի Ճեմարանին ու անոր հին ու նոր սաներուն ալ:
Այո՛, դժուար է պատկերացնել վերջնական լռութիւնը, տեւաբար խինդ, բարութիւն եւ կամեցողութիւն բաբախող սրտի մը զարկին: Ան մեզմէ բաժնուած էր առանց նոյնիսկ մնաք բարով մը ըսելու: Բայց ո՞վ կրնայ բողոքել ճակատագրին դէմ: Անոր համար, իր բացակայութիւնը մեզ տակաւին շատ երկար ատեն շշմած վիճակի մէջ պիտի պահէ: Ու հաւատացէ՛ք, դժուար կը գիտակցինք անողոք այս իրականութեան, ու նոյնիսկ տակաւին ապշած ու շուարած ենք եւ չենք հաւատար յաւիտենական կորուստը այն հայուհիին, որ իր բարի ու կամեցող սրտին զոհ գացած էր, անակնկալ եւ անժամանակ:
Մեզի համար հանգուցեալ Սաթիկը հարազատ վկայ մըն էր, որուն հայ գիրին ու գրականութեան, իր պատկանած Ճեմարանին եւ իր ապրած գաղութին ու նոյնքան ալ հայրենիքին հանդէպ ունեցած յարգանքը, սէրն ու պաշտամունքը, ինչպէս նաեւ մեր մշակոյթին իր ցուցաբերած գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը եղած էին անգնահատելիօրէն օրինակելի եւ առատաձեռն:
Զինք մօտէն ճանչնալու բախտին արժանացած էի, տակաւին իր աշակերտական տարիներէն:
Ինք միակ դուստրն էր Հալէպի Հայկազեան նախակրթարանիս եւ ապա Ք.Ե. Ճեմարանի վաստակաշատ ուսուցիչներէս ու տարիներ ետք պաշտօնակից՝ պարոն Կարապետ Սապունճեանին, որուն պարկեշտութեամբ, վեհանձնութեամբ, անկեղծութեամբ ու համեստութեամբ շաղախուած շունչով, ան հասակ առած էր: Ապա, նոյնքան մաքուր եւ մեծահոգի ճեմարանական Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի հետ ընտանեկան բոյն մը կազմած, հաւատարմօրէն հետեւելով իր հօրը, այն օրհնեալ սերունդին պատկանող կրթական մշակին քայլերուն, որ իր նմաններուն նման, Եղեռնէն ետք, հայ գաղութներուն հայկականութիւն ներշնչելով, որոշ դիմագիծ տուին: Պատուական ընտանիքի մը աղջիկը, կ՛ըսեմ շուրջիններուս, բայց դժբախտաբար ճակատագիրը պոկած էր մեր հարազատին ֆիզիքական ներկայութիւնը, ու մեզմէ բաժնած՝ անակնկալ:
Ու ես չեմ գիտեր, յետ մահու այս խօսքերովս, կամ նման որդեգրումովս, որքանով պիտի կարենամ արդարացնել հանգուցեալի մաքուր նկարագրին, եւ անոր զոհաբեր ոգիին հանդէպ ունեցած յարգանքս:
Հանգուցեալը, իբրեւ կին, մայր, քոյր եւ ընկերուհի, ոչինչ զլացած էր բոլորիս: Մէկ խօսքով, անմոռանալի անձ մը, որ մեր ծանօթացման առաջին իսկ օրէն, միշտ մնաց մեզի հետ, իբրեւ քաջալեր հանդիսացող, իբրեւ հասկցող ու նուիրեալ ընկերուհի, մանաւանդ անկեղծօրէն արտայայտուող ու հոգացող ճեմարանական մը: Բարի, ծառայասէր ու ազգասէր էր Սաթիկը: Խառնուածքով՝ ընկերասէր, գրասէր ու մանաւանդ մշակութասէր էր: Իր մէջ շեշտուած էր ընթերցասիրութիւնը: Անձնապէս կրնամ հաստատել: Կը կարդար միշտ: Բարի սովորութիւն մը, որ ներկայիս կը պակսի քիչ մը ամէն տեղ:
Միւս կողմէ, իրեն համար ապրում էր իր զաւակներուն տագնապները մտիկ ընել եւ խորհուրդ տալ անոնց, հարազատ մտերմութեան մէջ: Նուիրեալ հայուհի մը, հայ կին եւ հայ մայր մը, բարի ու հասկցող եւ մանաւանդ զոհաբերող ծնողք մը: Ոչինչ խնայած էր իր նպատակներու իրագործման համար: Ասիկա եղած էր իր կեանքի փիլիսոփայութիւնը: Յարգանքով ու միշտ անուշ ժպիտը դէմքին կը փոխանցէր իր թելադրանքներն ու ցուցմունքները, կը կատարէր իր գնահատականներն ու արդարացումները, կը յայտնէր իր ներողամտութիւնն ու մտահոգութիւնները ու կը հեռանար քաղաքավար, նոյնքան ալ յարգանքով: Ընտանեկան սրբութիւնը վեր էր բոլոր նկատառումներէն: Գիտէր ղեկավարել իր ընտանիքը՝ ամբողջականօրէն բարոյական արժէքներէ մեկնելով:
Համեստ կենցաղով ներկայութիւն մըն էր հանգուցեալը, որ լաւապէս գիտէր դիմացինը յարգել, եւ երախտապարտ ոգիով գնահատել, հեռու նեղմիտ մտածողութենէ, անկողմնակալ ու հաստատ իր բոլոր կեցուածքներուն մէջ:
Իր ամուսնոյն՝ Մհերին հետ նոյն ոգիով ապրեցաւ եւ ապրեցուց, իբրեւ պատրաստակամ եւ ծառայասէր, իբրեւ ազգային բարերարուհի եւ նուիրեալ, ի՛ր պատկանած վարժարանին, ի՛ր ՀՕՄին, ի՛ր եկեղեցիին, եւ ի՛ր գաղութի ազգային կազմակերպութեանց նկատմամբ:
Բոլորին նման զինք կը յարգէի, որովհետեւ պատանեկութենէն մինչեւ վերջերս տեղի ունեցած մեր վերջին հանդիպումը, երկար տարիներ ծայր աստիճան յարգած էր զիս եւ իր բոլոր շրջապատը: Չեմ յիշեր, եւ չեմ գիտեր, եթէ կային անձնաւորութիւններ, որոնց հանդէպ ժխտական կեցուածքներ ունենար: Անոր համար, անձնապէս կը հաւատամ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը, որ զինք մօտէն կամ հեռուէն ճանչցած էր, անկասկած տակաւին զինք երկար պիտի յիշէ: Այսօր զինք կը յիշեն բոլոր անոնք, որոնք իր մէջ փնտռած ու տեսած էին իր պարկեշտութիւնն ու վեհանձնութիւնը, համեստութիւնն ու ջինջ հոգին, հայու բարերար ոգին, որ իր համակ կեանքին խորհրդանիշները դարձուցած էր: Բազմիցս Հայաստան այցելած, եւ միշտ իր վերադարձին, բոլորիս մեծ յոյսով, խանդավառ ու հայաշունչ մթնոլորտով բաժնած էր իր քաղցր տպաւորութիւնները:
Հանգուցեալը խոր գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ ապրեցաւ իր գաղութին, իր դպրոցին եւ դպրոցներուն, եւ իր հայրենիքի նուիրական ծառայութեան գործադաշտին մէջ: Հալէպի Ճեմարանի ի նպաստ մեր բոլոր ձեռնարկներուն, իր տեւական եւ օրինակելի ներկայութիւնը, մեզի հպարտութիւն ներշնչեցին: Ամէն առիթներով իր նպաստը բերած էր մեր կրթական եւ մշակութային կեանքի ծաղկման, որուն շնորհիւ իր գոյութիւնը, կարողութիւնները եւ բոլոր ուժերը իմաստաւորելով, հաստատապէս դարձաւ գեղեցիկ ու օրինակելի երեւոյթ մը: Ու այդպէս մնաց մինչեւ իր վաղամեռիկ կեանքը:
Հանգուցեալ Սաթիկը մեզի համար համեստ ու պարզ, ծառայասէր, հայրենասէր, աշխատանքը սիրող, պարկեշտ ու օրինակելի եւ սկզբունքի տէր բարերարուհի մըն էր: Անոր համար, իրմէ անուշ յիշատակները կ՛ապրին եւ պիտի ապրին, անկասկած:
Արդ, յարգելի Սաթիկ, դո՛ւն իբրեւ հայ արժէքներու յանձնառու առաքեալ, այս տողերս թող ըլլան ափ մը խունկ ու աղօթք‘ քու արդար յիշատակիդ, օրինակելի յարգանքիդ, անսակարկ նուիրումիդ ու եւ անսահման գուրգուրանքին համար:
Հանգիստ՝ հոգիիդ եւ ոսկորներուդ ու մխիթարութիւն բոլորիս:
Շնորհակալիք Եւ Նուիրատուութիւններ
ՍԱԹԻԿ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ զաւակները՝ տէր եւ տիկ. Արի եւ Լուսինէ Տէր Յովհաննէսեաններ եւ տէր եւ տիկ. Սարօ ու Թերիսա Տէր Յովհաննէսեաններ իրենց խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնեն Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին, Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան, Հոգեւորականաց դասուն, Եփրեմ Եպս. Թապագեանին, Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանին, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին, Հայ Կրթական հիմնարկութեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան, «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան, Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին, ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէութեան, «Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» երիտասարդական կեդրոնի վարչութեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն, հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմին ու տիկնանց միութեան, Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւին, հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմին ու տիկնանց միութեան, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւին ու հոգաբարձութեան, Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի ընկերակցութեան, ՀՕՄի «Սիփան» եւ «Թալին» մասնաճիւղերու վարչութեանց, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութեան, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան եւ Ուսումնական մարմինին, Ռիչըրտ ԹիւՖէնքեան Ազգային մանկամսուրի վարիչին եւ Ուսումնական մարմինին ու բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, հեռաձայնով, այցելութեամբ, գիրերով ու նուիրատուութեամբ վշտակից դարձան մեր սիրելի կնոջ եւ մօր կորուստի ցաւին ու սուգին։
ՍԱԹԻԿ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, փոխան ծաղկեպսակի Ազգային Առաջնորդարանի նոր հաստատած «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» ֆոնտին կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները, որոնց համար Ազգային Առաջնորդարանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ. (Ամբողջական Ցանկ)
Meher Der Ohanessian 10,000
Masis & Manoush Ghevontian 10,000
Ari & Lusineh Der Ohanessian & Granddaughter Mane 5,000
Saro & Teressa Der Ohanessian & Granddaughters Alique & Arev 5,000
Arsen & Natalia Ordoukhanian 5,000
Nazareth Kevonian & Daughter Tamar Kevonian 5,000
Aznive Sabonjian 3,000
Yeprem & Varsenik Baghboudarian 2,000
Hrayr & Lucy Sabounjian 2,000
Kafco Pertnership 2,000
Hilda Baghdassarian & Family 1,500
Saro & Hripsime Khachatryan 1,000
George & Gabriel Laterofian 1,000
Soghomon, Ara & Betty Kilaghbian 1,000
Garo Nalbandian – Optimum Health Care 1,000
Armen & Rita Baranian-B & B Associates- 1,000
Nshan & Margarita Blikian – Eurika Suasage 1,000
Varant & Sevan Markarian – Masters Contractors 1,000
Yervand & Zara Pouskoulian 1,000
Antranig Najarian & Family 1,000
Antranik & Houry Kassabian 1,000
Garo & Sosse Eshgian 1,000
Vazken & Margrit Artinian 1,000
Vahe & Hasmig Hovaguimian 500
Armen Choulakian 500
Bedros & Mary Fermanian 500
Rolf W. Donath Jr. 500
Arsen & Hasmig Danielian 500
Zohrab & Sonia Kassabian 500
Garo Esguijian 500
Harry & Arpi Hindoyan 500
Ara & Seta Chutjian 500
Mihran & Astghik Kazanchyan 500
Arto H. Keuleyan 500
Levon & Anita Bakalian 500
Jirayr & Seta Baghboudarian 500
Vahan & Nora Bezdikian 500
Koko & Lousi Krumian 500
Garbis & Marjorie Krikorian 500
Vazrig Sarkis Sabounjian 500
Stepan & Vera Baghboudarian 500
Kevork & Houry Aposhian 500
Kevork & Lena Kortoshian 500
Thomas & Tamar Najarian 500
Armen & Armine Kasabian 500
Avo & Suzan Donoyan 500
Hambik & Mary Kazanchyan 500
Mahsarajian & Wartanian Families -VIP properties 500
Vahe & Eva Gharibian 500
John & Sarine Iskenderian 500
Shahan & Ani Der Ohanessian 500
Sarkis & Nune Sepetjian 500
Koko Topalian 500
Sahag & Naris Dulgerian 500
Viken & Nora Hovsepian 500
George & Rita Gamil 500
Leon & Sona Darakjian 500
John & Asdghig Bedrosian 500
Grigor Trtchounian 500
Khoren & Kathy Kassardjian 300
Martin & Anush Khachatryan 300
Mher & Sossy Tavidian 300
Artur Tomassian -Future Auto Sales Inc. 300
Antranik & Annie Harboyan 300
Hrayr & Sona Avedian 300
Ardashes & Sossi Ohannessian 300
Serge & Sossi Breidi 300
Antranik & Sossy Kasbarian 300
Vahe Krikorian 300
Albert Aghamalyan 300
Zareh & Liza Krumian 300
Hamo & Tina Kasbarian 300
Sarkis & Elizabeth Tatikian 300
Zohrab Tatikian & Family 300
Berjouhi Helvadjian 300
Shoghik Dikijian 300
Salpi Kerkonian 300
Mampre Pomakian 300
Simon & Jeanette Simitian 250
Elias & Graziella Deukmajian 250
Romik Keshishyan & Family 250
Jerry & Aline Deukmajian 250
Garo & Vartanoush Markarian 250
Marcus & Millichap The Azzi Group 250
Ara & Licineh JilAgopian 250
Grigor & Elizabeth Manasserian 250
George & Shogher Chorbajian 250
Zaven & Armenia Sinanian 250
Mardig Gaboudian 250
Gaidzag & Dzovig Zetlian 250
George & Rita Kalayjian 250
Zaven & Kathy Koulloukian 250
Hovsep & Elizabeth Boyajian 250
Vahe & Nora Yacoubian 250
Varant Choir of Shushi 250
Shahe & Sylva Kasparian 250
Kaloust & Any Agopian 250
Haraj Galoustiyan Tamara Kromanoukian 250
Artin & Almara Nazarian 200
Viken & Seta Aghjayan 200
Lara Choulakian 200
Guiragos & Silva Mardirossian 200
Allen Parseghian, Christine Shahgaldjian 200
Sarkis & Virginia Zeitjian 200
Vahe Demirdjian & Anahid Minassian 200
Hayk & Lilit Ordyan 200
Aram & Eva Papikian 200
Onnik & Kristine Keshishian 200
Vahe & Lena Bozoyan 200
Berj & Rita Kaprielian 200
Zarouhi Mardikian 200
Hasmik Sarkisyan 200
Ara & Rosmari Kasparian 200
Andy Andonian 200
Vahram & Inessa Andonain-Faith & Hope Hospice Care Inc. 200
Navasart & Maral Kazazian 200
Hagop & Nora Injeyan 200
Diran & Margaret Jeredjian-Pasadena City Pharmacy Inc. 200
Seta & Joseph Toorian 200
Ara & Aurore Geghalian 200
Maggie Sarkuni 200
Garbis & Vicky Kataroyan 200
Razmik & Houry Yepremian 200
David & Katya Sargsyan 200
Grigor & Maria Melikyan 200
Hovhannes & Mary B. Guzelian 200
George Kouzouyan-Hollywood Suits Inc. 200
Arshak & Vartouhie Kazandjian 200
John & Elo Titizian 200
Hagop & Ani Lapejian 200
Ripsime Sargsyan 200
Dr. Hasmig Baran 200
Garbis & Carolyn Kassabian 200
Varant & Christine Hovnanian 200
Zohrab & Carmen Yaralian 200
Garbis & Maral Ghazarian 200
Sarkis & Sonia Tchakian 200
Sergey & Lori Ayvazian 200
Jirair & Rita Keuroghlian-Nova Automotive 200
Louisa Gamil 200
Armen & Christine Zenjirian 200
Western Prelacy Ladies Auxiliary 200
Nazareth Babikian & Family 200
Hampik & Julita Injeyan 200
Anahid Pomakian 200
Pierre & Salpi Khoury 200
Sarkis & Mariam Balboujakian-Glass World 150
Salpi & Roubina Pakradouni 150
Nerses Melkonian 150
Raffi & Silva Kendirjian 150
John & Pattyle Kasparian 150
Dr. Hovig & Lida Melidonian 150
Vahram & Knar Kortoshian 150
Alfred & Rima Boghossian150
Karekine Chaprazian 100
Noubar & Yester Demirjian 100
Vartan Demirjian 100
Vartan & Arshalous Yaghmourian 100
Hagop & Lucy Dikranian 100
Lusine Grigoryan 100
Viken & Mayda Yedikian 100
Annie & Rafi Kechichian 100
Isabelle Paloulian 100
Dalita Kebabjian 100
Greg & Nellie Dermanilian 100
Manouk Kaynakian 100
Noah & Nareene Kazanjian 100
Silva Karafilis 100
Jack & Astine Megerdichian 100
Varoujan & Seta Krikorian 100
Serop & Marie Arabian 100
Araxie Karamanoukian 100
Jack & Sossi Pomakian 100
Hagante Inc. DBA Mr. Tuxedo 100
Sarkis Sarkisyan & Sirarpi Kaladzhyan 100
A. Hannesyan 100
Aida & Karo Haghverdian100
Sona Manukyan 100
Asdghik Taslakian 100
Vartkes & Elise Gulesserian 100
Heghine Harboyan 100
Berj Cholakian 100
Haroutyoun & Seta Hallajian 100
Garo & Mayda Kiljian 100
Saro & Caroline Senekerimian 100
Margrit Jebian 100
Moujoukian Family 100
Harout & Gaiane Patian 100
Zaven & Haigouhi Khatchaturian 100
Armine Der Grigorian 100
Dikran & Marina Der Sarkissian 100
Vartan & Ani Tavidian 100
Hagop & Berjouhie Yedalian 100
Margurite Sinanian 100
Iskuhi Demirtsyan 100
Mirouba Mary Donoyan 100
Vartan & Nani Oskanian 100
Hrant, Stepan, Maral Boyajian 100
Arda Tchakian100
Shant & Diane Donoyan 100
Khorin & Emma Salmassian 100
Nanik Ulubekian 100
Norair & Anoosh Avakian 100
Dr. Garo & Salpi Agopian 100
Joe & Seta Hovsepian 100
Vartan & Taline Gharibian 100
Elias & Noushig Dekermenjian 100
Khikar & Betty Ghadimian 100
Raffi & Arousiak Melkonian 100
Raffi Melkonian & Dzovinar Gazarian 100
Zareh & Rahel Eleyjian100
Azadouhi Ghazarian 100
Grigor & Susan Sarkissian 100
Kirakosian & Associates 100
Manoug & Lucy Joukhajian 100
Kerop & Salpi Manoukian-SM Consultants Inc. 100
Silva Jebian 100
Raymond & Monique Avedian 100
David & Cynthia Shapiro 100
HMEM LA Chapter 100
Anna Senekeremian 75
Aram & Suzy Senekeremian 50
Nelida Jamkossian 50
Vahrij & Armineh Markarian 50
Arakel & Biatrice Ghazarossian 50
Garbis & Mary Tavityan 50
Gabriel & Salpi Vartanian Family Trust 25