ԿԼԵՆՏԷՅԼ, Քալիֆորնիա․– Այս տարուան Ապրիլէն Յունիս ամիսներուն ընթացքին, Հայաստան Արցախ ֆոնտը 7.4 միլիոն տոլար արժողութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթեց Հայաստանին եւ Արցախին։ Այս օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, ֆոնտը 7 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ պիտոյքներ ապահոված է Direct Relief կազմակերպութենէն (4.7 միլիոն), MAP International կազմակերպութենէն (2.2 միլիոն), եւ AmeriCares կազմակերպութենէն (140,071)։
Այս ժամանակաշրջանին մեծարժէք ապրանքներ նուիրած են նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը (222,000) եւ Հաուըրտ Գարակէօզեանի Յիշատակի ընկերութիւնը (76,000)։
Այս ժամանակաշրջանին նուիրուած դեղորայքը եւ բժշկական պիտոյքները առաքուած են ՀԲԸՄի «Քլոտիա Նազարեան» Սուրիահայ Գաղթականներու Բժշկական կեդրոնին, Արաբկիր Միացեալ Մանկական բարեգորածական հիմնադրամին, ԱՐՏԱ Բարեգործական հիմնադրամին, Քանաքեռ-Զէյթուն Բժշկական կեդրոնին, Մուրացան Մանկական Գեղձաբանական կեդրոնին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Բժշկական կեդրոնին եւ Հայաստանի ու Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւններուն։
2021ի առաջին վեց ամիսներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը հայրենիք ուղարկած է COVID-19-է վարակուած հիւանդներու խնամքին համար հրատապօրէն անհրաժեշտ դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ, ինչպէս նաեւ դեղեր ու բժշկական պիտոյքներ՝ քաղցկեղէ, սիրտի, աչքի, եւ ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններէ տառապողներու համար, առաւել՝ ամբողջ նաւային արկղ մը առողջաբանական (hygiene) պիտոյքներ։
Անցեալ 32 տարիներուն ընթացքին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը եւ զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են 931 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն՝ 158 թռիչքներով եւ 2502 ծովային արկղերով։
«Հայաստան Արցախ ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՛առաջարկուի, բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց ֆոնտի նախագահ Յարութ Սասունեան՝ աւելցնելով․ «Մեզի կը մնայ հոգալ միայն առաքման ծախսը։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն: Շնորհակալ եմ ԱՐՏԱ Բարեգործական հիմնադրամին՝ Հայաստան Արցախ ֆոնտին կողմէ ապահովուած ու հայրենիքի մէջ հրատապօրէն անհրաժեշտ, 2.2 միլիոն տոլար արժէքով բժշկական օժանդակութեան առաքման ծախսը՝ 11,500 տոլար, նուիրելուն համար։ Կը յուսամ որ ԱՐՏԱ Բարեգործական հիմնադրամին կատարած այս նուէրը իբրեւ օրինակ կը ծառայէ այլ նուիրատուներու, որպէսզի ֆոնտը կարենայ իր կեանք փրկող մարդասիրական առաքելութիւնը շարունակել հայրենիքի տարածքին»։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ ֆոնտի գրասենեակը՝ (818) 241-8900 թիւով կամ sassoun@pacbell.net հասցէով։