ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 14 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 10:30ի շուրջ արձանագրուեցաւ միջադէպ մը հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ: Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, մարտական դիրքերու յառաջխաղացքի նպատակով՝ փորձեցին ճարտարագիտական սարքերու գործածութեամբ ամրաշինական աշխատանքներ իրականացնել: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Հայկական կողմին` նշեալ աշխատանքները դադրեցնելու միտուած հակազդող գործողութիւններէն ետք, ատրպէյճանցի զինուորները նշանառու կրակ բացին հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Ծաւալած փոխհրաձգութեան հետեւանքով փամփուշտ ստացաւ եւ մահացաւ 1983ի ծնունդ, պայմանագրային զինուոր, շարքային Սամուէլ Գագիկի Ալաւերդեան:
Ատրպէյճանական կողմը եւս կորուստներ ունի։
Միջադէպին անդրադարձան եւ զայն խստիւ դատապարտեցին Հայաստանի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւնները։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը զայն նկատեց ատրպէյճանական կողմի հերթական սադրանք եւ նախազգուշացուց, որ անոնք պիտի արժանանան կոշտ հակազդեցութեան: «Իրադրութեան յետագայ սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կրում է Ադրբեջանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը», նշեց նախարարութիւնը։
«Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք` Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզեր, ադրբեջանական զինուած ուժերի ստորաբաժանումների ներթափանցումից յետոյ տեղի ունեցած այս սադրիչ գործողութիւններն ակնյայտօրէն վկայում են, որ պաշտօնական Բաքուն փորձում է լարուածութեան նոր օջախներ ստեղծել` խաթարելով տարածաշրջանային խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնը: Խստօրէն դատապարտում ենք Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ կատարուած այս ոտնձգութիւնը, որը հանդիսանում է նաեւ միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքների կոպտագոյն խախտում: Ադրբեջանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմից նմանօրինակ քայլերի ձեռնարկումը կարող է յանգեցնել իրավիճակի հետագայ սրմանը, որի հետեւանքների ողջ պատասխանատուութիւնը կրում են Ադրբեջանի իշխանութիւնները», այս յայտարարութիւնը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: