ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 15 Յուլիսին, հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, Ս. Գայիանէ վանքին մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանքի արարողութիւն՝ հայրենիքի խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար, նաեւ տեղի ունեցաւ արցախեան 44օրեայ պատերազմին մասնակցած եկեղեցականներու պարգեւաբաշխութիւն:

Ընթերցուեցան հայրապետական սրբատառ կոնդակները, այնուհետեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» նորահաստատ շքանշանով պարգեւատրուեցան Յատուկ յանձնարարութիւններով հայրապետական նուիրակ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեան, Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպս. Պռոշեան, Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան, Հայաստանի զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Մովսէս վրդ. Սարգսեան, Արցախի թեմէն Սահակ վրդ. Շաքարեան, Գեղարդ աբեղայ Յովհաննիսեան, Անդրէաս քահանայ Թաւադեան եւ Յովհաննէս քահանայ Յովհաննիսեան, Ս? Գեղարդաւանքէն Արիս աբեղայ Տօնոյեան, գնդերէցներ Հրաչեայ սարկաւագ Ղազարեան, Գոռ սարկաւագ Գիւրջեան, Յովհաննէս սարկաւագ Անդրեան, Արտաշէս սարկաւագ Ներսիսեան, Մանաւազդ սարկաւագ Մկրտչեան, Վահէ սարկաւագ Մկրտչեան, Մկրտիչ սարկաւագ Տէր Մկրտչեան, Կարօ սարկաւագ Ղարիբեան եւ Հրայր սարկաւագ Լալայեան:
Այս առիթով, հայրապետական օրհնութեան գիրեր շնորհուեցան նաեւ Մայր Աթոռին, թեմերուն եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդութեան մէջ սպասաւորող 38 եկեղեցականներու: