ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի խորհրդարաններու նախագահները 29 Յուլիսին այցելեցին Շուշի եւ ծանօթացան շինարարական աշխատանքներուն։
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը անթոյլատրելի նկատեց Սեպտեմբեր 2020ին Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկիչներու անմիջական մասնակցութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած 44օրեայ յարձակումին իբրեւ արդիւնք Արցախի տարածքներու ապօրինի բռնագրաւումը ամրագրելու՝ Ատրպէյճանի փորձերը:

Միջազգային իրաւունքի եզրերու խախտման եւ զինուած ուժի ապօրինի կիրարկման հետեւանքները օրինականացնելու միտուած որեւէ գործողութիւն պէտք է խստօրէն դատապարտուի, կը յայտարարէ Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը` ընդգծելով Պաքուի` սեփական ապօրինի գործողութիւնները իբրեւ ընդունելի եզր ներկայացնելու վերաբերող քաղաքականութեան վառ օրինակներէն է Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի խորհրդարաններու նախագահներուն այցելութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ ժամանակաւորապէս բռնագրաւուած Շուշի քաղաքը:
«Անհրաժեշտ ենք համարում ընդգծել Ադրբեջանի եւ այլ երկրների պաշտօնատար անձանց` Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներ այցերի անընդունելիութիւնը եւ սադրիչ բնոյթը, քանի որ դրանք միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտում են, մարտահրաւէր` քաղաքակիրթ աշխարհին եւ նպատակ ունեն բացառել ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման համար նախապայմանների ստեղծման հնարաւորութիւնը։ ԼՂ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնն ընդգծում է` Արցախի դիրքորոշումն անփոփոխ է. հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման եւ տարածաշրջանում կայուն խաղաղութեան հաստատման պարտադիր պայման է հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումն ու Արցախի կողմից միջազգային իրաւասուբյեկտայնութեան (իրաւական գոյացութեան) ձեռքբերումը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
ANOTHER NON RELATED SUBJECT: ACCORDING BRIGHTEON PRO LIBERTY, CDC ADMITS:
COVIT VACCINATED ARE MORE VULNERABLE THAN NON VACCINATED, PREGNANT
WOMAN MUST NOT BE VACCINATED FEARING LOSS OF CHILD. IN ARMENIA ARE
GIVING FREE TICKET FOR OPERA , TO GET VACCINATED, MEANING WHOLE COUNTRY
VULNERABLE TO GET SICK, UNABLE TO RESIST ANY ATTACK IN CASE THE OVER MENTIONED NEWS ARE CORRECT BY THE NEWSLETTER.