ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան Քոլոմպիա համալսարանի մարդու իրաւունքներու ուսումնասիրութեան հիմնարկին կազմակերպած քննարկման ընթացքին, հանդէս եկաւ հայկական կողմի գերիներու վերադարձին եւ ներկայացուց անհետ կորսուածներուն հարցերոուն վերաբերող յատուկ զեկոյց մը։
Այս մասին ան գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ՝ նշելով, թէ ինք հաստատեց, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները արհեստական կերպով կը ձգձգեն եւ կը քաղաքականացնեն գերիներու վերադարձի գործընթացը` կոպտօրէն ոտնահարելով վերջիներուս ու անոնց ընտանիքներուն իրաւունքները, անոնց պատճառելով տառապանքներ եւ յառաջացնելով լարուածութիւն հասարակութեան մէջ, նաեւ կը կազմակերպեն կեղծ դատավարութիւններ։