ՅԱՍՄԻԿ ՍԻՄՈՐ
Արցախի դէմ Ատրպէյճանի եւ անոր «մեծ եղբօր»` Թուրքիոյ մղած 44օրեայ պատերազմին մասնակցեցան նաեւ Միջին Արեւելքէն եւ այլ շրջաններէ ու վարձուած աւելի քան 4000 ահաբեկիչներ, իրողութիւն մը, որ հաստատուած է «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի, «Պի.Պի.Սի.»ի, «Կարտիըն»ի, «Ֆորէյն Փալըսի»ի, «Ինտիփենտընթ»ի եւ այլ հեղինակաւոր թերթերու ու կազմակերպութիւններու կողմէ:
Իբրեւ հակադարձութիւն, Ալիեւի բռնատիրական վարչակարգը ապատեղակատուական արշաւի մը նախաձեռնեց, պնդելու համար, որ հայերը եւս վարձկան զինեալներ ունէին: Այս նպատակին համար կը շահագործուին լիբանանահայ քաղաքայիններ Վիգէն Էօլճէքճեանը եւ Մարալ Նաճարեանը: Մինչ վերջինս ազատ արձակուեցաւ, Վիգէնը 14 Յուլիսին 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ:
Անոնց կարգին է նաեւ ռուսահայ քաղաքային Եդուարդ Տուպաքով Սերկէյվիչ, որ կ՛ամբաստանուի «օտար ահաբեկիչ» ըլլալու յանցանքով: 22 Յուլիսին, 24ամեայ Տուպաքով Պաքուի մէջ պաշտօնապէս ամբաստանուեցաւ շինծու յանցանքներով:

Տուպաքով, որուն հայրը` Սերկէյը, Արցախէն է, ծնած է Կովկասի մեծաթիւ հայ բնակչութիւն ունեցող Քրասնոտար շրջանին մէջ եւ իրաւաբանական ուսումը ստացած է Քրասնոտարի մէջ Արմաւիրի Իրաւաբանական համալսարանէն: Ան Հոկտեմբեր 2019ին, իր կնոջ եւ զաւակին հետ Հայաստան եւ Արցախ այցելած էր:
Երկար ջանքերէ ետք, կրցայ հարզացրոյց մը կատարել Սերկէյի հետ, զոր կու տամ ստորեւ.
ՅԱՍՄԻԿ ՍԻՄՈՐ.- Եդուարդին անհետացումէն առաջ, ե՞րբ անոր հետ խօսած ես վերջին անգամ:
ՍԵՐԿԷՅ ՏՈՒՊԱՔՈՎ.- Վերջին անգամ հետը խօսեցայ այս տարուան 11 Յունուարին, երբ ինծի հեռաձայնեց Քրասնոտարէն, որմէ ետք կապը կորսնցուցած եմ հետը: Աւելի ուշ իմացայ, որ 18 Յունուարին ձերբակալուած է Պաքուի մէջ: Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն ոչ ոք մեզի տեղեկացուց, որ մեր զաւակը ո՞ւր է եւ չենք գիտեր, թէ ինչպէս Պաքու հասած է: Վստահ եմ, որ ան Ատրպէյճան այցելելու նպատակ չունէր:
ՅԱՍՄԻԿ ՍԻՄՈՐ.- Արցախի պատերազմի զինադադարէն ետք, հայ քաղաքայիններու եւ զինուորներու առեւանգումներ արձանագրուած են ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ: Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ կրնայ ըլլալ Եդուարդը առեւանգելու պատճառը:
ՍԵՐԿԷՅ ՏՈՒՊԱՔՈՎ.- Դժուար է այս հարցումին պատասխանելը: Կ՛ենթադրեմ, որ ան ձերբակալուած է հայ ըլլալուն համար: Ես հայ եմ, իսկ կինս` Եդուարդի մայրը` ռուս է: Ան 2019ին Հայաստան եւ Արցախ այցելած է ազգականներու հանդիպելու եւ իր նախնիներու հողին ծանօթանալու համար: Զինք 10 տարուան բանտարկութեան դատապարտելով՝ Պաքու հաւանաբար նպատակ ունի քաղաքական ճնշում բանեցնել թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ռուսիոյ վրայ: Վստահ եմ, որ տեղի ունեցածը շինծու դատավարութիւն մըն էր:
ՅԱՍՄԻԿ ՍԻՄՈՐ.- Արցախի երկրորդ պատերազմէն ետք Պաքուի իշխանութիւնները կ՛անտեսեն մասին միջազգային օրէնքները պատերազմական գերիներու վերաբերեալ, որոնք իրենց ընտանիքներուն հետ կապուելու իրաւունքը ունին: Ցարդ կրցա՞ծ էք հեռաձայնով կամ այլ միջոցաւ կապուիլ Եդուարդին հետ:
ՍԵՐԿԷՅ ՏՈՒՊԱՔՈՎ.- Եդուարդը երբեմն իրաւունք կը ստանայ շատ կարճ հեռաձայնային զրոյցներ ունենալու, հազիւ 2-3 վայրկեան, սակայն ցարդ իրմէ նամակ չենք ստացած:
ՅԱՍՄԻԿ ՍԻՄՈՐ.- Այս գծով Ռուսիոյ Կարմիր Խաչին դիմա՞ծ էք:
ՍԵՐԿԷՅ ՏՈՒՊԱՔՈՎ.- Վերջերս դիմեցինք եւ կը յուսամ օգտակար կը հանդիսանան:
ՅԱՍՄԻԿ ՍԻՄՈՐ.- Եդուարդը անցեալ տարի առողջական հարցեր կը դիմագրաւէր: Մտահոգ ես անոր առողջական վիճակով:
ՍԵՐԿԷՅ ՏՈՒՊԱՔՈՎ.- Սեպտեմբեր 2020ին գիտցանք, որ ան կը տառապի pneumothorax հիւանդութեամբ (լանջաթաղանթի մէջ օդի կուտակում), որուն համար ան հիւանդանոցային դարմանումներու հետեւեցաւ Սեպտեմբերէն Դեկտեմբեր եւ երեք վիրաբուժական գործողութիւններու ենթարկուեցաւ: Բնականաբար շատ մտահոգ ենք իր վիճակով եւ այս տեղեկութիւնները փոխանցած ենք Կարմիր Խաչին:
ՅԱՍՄԻԿ ՍԻՄՈՐ.- Կը հաղորդուի, որ հայ գերիները կը չարչարուին ատրպէյճանական բանտերուն մէջ. Եդուարդի ներկայ պայմաններուն մասին տեղեկութիւն ունի՞ք:

ՍԵՐԿԷՅ ՏՈՒՊԱՔՈՎ.- Համացանցային ընկերային կայքերէ կ՛իմանանք, որ ան հերքած է իրեն վերագրուած «խոստովանութիւններ»ը՝ պնդելով, որ անոնք ֆիզիքական եւ հոգեկան ճնշումներու տակ կատարած են: Ուրեմն, հաւանական է, որ ան չարչարանքներու ենթարկուած է եւ կարիքը կայ անկախ մասնագէտներու կողմնէ քննութիւններու, հաստատելու համար այս իրողութիւնը: Այս պատճառով, կը խնդրենք Ռուսիոյ Կարմիր Խաչէն, որ միջամտէ եւ հարցը հասցնէ Պաքուի Կարմիր Խաչին:
ՅԱՍՄԻԿ ՍԻՄՈՐ.- Կ՛իմանանք, որ Եդուարդը ինքզինք անմեղ հռչակած է եւ պիտի պայքարի իր դէմ կատարուած ամբաստանութիւններուն դէմ: Ինչ փաստեր կան, որ ան անմեղ է եւ կապ չուի պատերազմին կամ ահաբեկչութեան հետ:
ՍԵՐԿԷՅ ՏՈՒՊԱՔՈՎ.- Արցախի երկրորդ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան ան Ռուսիա կը գտնուէր եւ Պաքուի մօտ Ռուսիոյ դեսպանատունը դատարանին ներկայացուց այս իրողութիւնը հաստատող փաստեր, սակայն այդ փաստերը կը բացակայէին դատավարութեան թղթապանակէն եւ այս կասկածելի անտեսումին մասին հարցումները անպատասխան ձգուեցան դատախազութեան եւ ատեանին կողմէ: Անոր առաջին գործողութիւնը տեղի ունեցած էր 20 Սեպտեմբերին եւ Հոկտեմբերին ու Նոյեմբերին ան շատ տկար կը զգար եւ նոյնիսկ աշխատելու ուժ չունէր: Դեկտեմբերին երկու այլ վիրաբուժութիւններու ենթարկուեցաւ եւ այս բոլոր փաստերը դատարանին ղրկուած են արդէն, սակայն բացայայտ է, որ Պաքուի իշխանութիւնները չեն արտօնած, որ այս փաստերը գործածուին:
***
Բրիտանահայկական մարդասիրական խմբակը կը շարունակէ իր պայքարը, Եդուարդ Տուպաքովին եւ բոլոր պատերազմական գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու համար: Այս նպատակով սկսած արշաւին ձեր ձայնը միացնելու համար այցելել www.change.org/armenianpwo կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել` info@britisharmenian.org հասցէին կամ այցելել www.facebook.com/BritishArmenian կայքէջը: