ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակ յղած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի` բողոքելով Ատրպէյճանի մօտ Յունաստանի դեսպանին դէպի բռնագրաւուած Շուշի կատարած քարոզչական պտոյտին մասին: Պտոյտը կազմակերպած էր Ատրպէյճանի կառավարութիւնը: Արտաքին գործոց նախարարը արձագանգեց` անհամոզիչ արդարացումներ նշելով դեսպանի ահաւոր վարքագիծին մասին:
Ահա՛ թէ ինչ գրած է Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը, 12 Յուլիսին Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Տենտիասի ուղղուած նամակին մէջ. «Մենք զարմացած էինք, բայց նաեւ շատ վշտացած՝ իմանալով Ատրպէյճանի մօտ Յունաստանի դեսպան պարոն Նիքոլայոս Փիփերիկոսի՝ Ալիեւի վարչակարգին կազմակերպած սադրիչ տօնակատարութեան բերած մասնակցութենէն…։ Հայ Դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ Յունաստանի հայ համայնքը ամբողջութեամբ, իրենց խիստ դժգոհութիւնը կը յայտնեն այս ծաղրերգութեան մեր երկրի ներկայացուցիչին մասնակցութեան առիթով: Դուք քաջատեղեակ էք, որ Ատրպէյճան, հաւատարմօրէն ընդօրինակելով իր դաստիարակին (Թուրքիոյ) վարքագիծը՝ կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային իրաւունքի չափանիշները: Ի՞նչ է ճգնաժամային այս պահուն Յունաստանի կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան նպատակը»:
Արտաքին գործոց նախարար Տենտիաս 27 Յուլիսին պատասխանեց այսպէ՛ս. «Յունաստան պատմական եւ բարեկամական բազմաթիւ տարիներու գերազանց կապեր կը պահպանէ Հայաստանի հետ: Հայաստանի համար դժուար ժամանակներու ընթացքին, Յունաստան կանգնեցաւ հայոց երկրին եւ ժողովուրդին կողքին: Ես, անձամբ, 16 Հոկտեմբեր 2020ին այցելեցի Երեւան՝ փոխանցելով զօրակցութեան պատգամ, այն պահուն, երբ պատերազմական գործողութիւններ ծաւալած էին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին: Նաեւ, ընդառաջելով մեր երկրին մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու դիմումին, արտաքին գործոց նախարարութեան Միջազգային զարգացման ծառայութեան համադրումով, Յունաստան իրագործեց մարդասիրական երկու առաքելութիւններ (բժշկական պիտոյքներ եւ ուտելիք), որոնք իրականացան 12 Դեկտեմբեր 2020ին եւ 8 Յունուար 2021ին՝ ցոյց տալով գործնական աջակցութիւն եւ զօրակցութիւն: Միաժամանակ, ինչպէս յայտնի է, 1992էն ի վեր Յունաստան դիւանագիտական կապեր ունի Ատրպէյճանի հետ: 2020ին, երկկողմանի (Ատրպէյճանի եւ Յունաստանի միջեւ) յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած տագնապէն ետք, Յունաստանի դեսպանը վերադարձաւ Պաքու, ուր իր պատասխանատուութիւններու շրջանակին մէջ կապեր կը պահէ հաւատարմագրուած երկրին հետ եւ կը հետեւի տեղական զարգացումներուն: Նաեւ, նկատի ունենալով մեր երկրին՝ Եւրոպական Միութեան անդամ ըլլալու հանգամանքը, դեսպանութիւնը իր գործունէութիւնը կը համադրէ մեր գործընկերներուն հետ միասնաբար: Այս պատճառով, յոյն դեսպանին՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրաւէրին ընդառաջելը` նման հրաւէրներու շարունակական վեց մերժումներէ ետք, երբ անոնք արդէն իսկ ընդունուած էին եւրոպական այլ դեսպանութիւններու կողմէ, որեւէ պարագայի կարելի չէ ընդունիլ իբրեւ հիւրընկալող երկրի տեսակէտներու որդեգրում կամ արարքներու ճանաչում, մանաւանդ՝ «մասնակցութիւն տօնակատարութիւններուն»: Անիկա տեղի ունեցաւ համադրութեամբ անդամ-երկիրներու, նպատակ ունենալով տեղւոյն վրայ դիտարկել եւ արձանագրել եղելութիւնները՝ արտաքին գործոց նախարարութեան ճշգրիտ տեղեկութիւն փոխանցելու համար»:
Ահաւասի՛կ այն հարցերը, որոնք առնչութիւն ունին արտաքին գործոց նախարարի պատասխանին.
1) Կը թուի, թէ ան չի հասկնար, որ թշնամի պետութեան զիջելու դեսպանին գործողութիւնները կը վտանգեն Յունաստանի սեփական եւ Հայաստանի շահերը:
2) Ատրպէյճան Յունաստանի բարեկամը չէ՛: Ինչպէս արտաքին գործոց նախարարը կը յիշէ իր նամակին մէջ, անցեալ տարուան Սեպտեմբերին, Յունաստանի դեսպանին հաւատարմագիրներու յանձնման ընթացքին, նախագահ Ալիեւ անպատշաճ եւ ոչ-դիւանագիտական ձեւով ըսաւ անոր. «Ես կրնամ ձեզի ըսել, եւ ասիկա գաղտնիք մը չէ, որ Թուրքիա ոչ միայն մեր բարեկամը եւ գործընկերն է, այլեւ եղբայրական երկիր է մեզի համար: Մենք առանց որեւէ երկմտանքի կ՛օգնենք Թուրքիոյ եւ կ՛օգնենք անոր՝ որեւէ պարագայի: Մենք կ՛օգնենք անոնց (Թուրքիոյ) ամէն տեսակի հարցերու մէջ, որոնց շարքին՝ Արեւելեան Միջերկրական ծովու հարցը»:
3) Արտաքին գործոց նախարարը իր նամակին մէջ կը նշէ, որ եւրոպական այլ երկիրներ նոյնպէս ընդունած են Ատրպէյճանի հրաւէրը: Ան անտեսած է սակայն այն հանգամանքը, որ եւրոպական քանի մը մեծ երկիրներ, որոնց կարգին՝ Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Փորթուկալ, Սպանիա եւ Չեխիա, ի յաւելումն Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու, հրաժարեցան մասնակցելէ դէպի Շուշի ատրպէյճանական քարոզչական պտոյտին: Նոյնը պէտք է ընէր նաեւ Յունաստան։
4) Արտաքին գործոց նախարարին այն արդարացումը, թէ Յունաստանի դեսպանին այցելութիւնը Շուշի նախատեսուած էր տարածքին մէջ դիտարկումներ ընելու համար, ծիծաղելի՛ է:
Յունաստանի դեսպանը պարզապէս խաբէութեամբ դրդած են մասնակցելու Ատրպէյճանի կազմակերպած շքերթին՝ պարծենալու համար հայկական պատմական շրջանին, անոր բնակիչներուն եւ կրօնական վայրերուն բռնագրաւումով ու ոչնչացումով՝ միջազգային իրաւունքի խախտումով:
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին Յունաստանի եւ Հայաստանի բարեկամութեան մասին ակնարկը ճիշդ է: Սակայն, այսպիսի բարեկամութիւն մը պէտք չէ սահմանափակուի դատարկ յայտարարութիւններով, այլ պէտք է ցոյց տրուի յստակ գործողութիւններով եւ ոչ թէ պարզապէս խօսքերով:
Ինչպէս գրած էի նախորդ յօդուածիս մէջ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը պէտք է Երեւանի մէջ իր դեսպանը անմիջապէս ուղարկէ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտ՝ այդպիսով հատուցելու համար Պաքուի իր գործընկերոջ Շուշի կատարած վիրաւորական այցելութիւնը: Եթէ ոչ՝ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ տեղւոյն հայ համայնքը պէտք է անմիջապէս հանդիպում ունենան Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ եւ պահանջեն, որ ան անյապաղ պաշտօնազրկէ արտաքին գործոց նախարարը ու Ատրպէյճանէն յետս կոչէ իր դեսպանը:
Ալիեւի հրահանգներուն հնազանդելով՝ Յունաստանի դեսպանը դաւաճանեց ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Յունաստանի շահերուն: Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ Հայաստանի եւ բարեկամ այլ երկիրներու շարքերը ամբողջացնելու փոխարէն՝ Յունաստան իրմէ կը վանէ իր սեփական դաշնակիցները:
Ես դեռ կը սպասեմ, որ Հայաստանի վարչապետը Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրացի դեսպաններուն համար կազմակերպէ պտոյտ մը դէպի Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտ, հակազդելու համար Ատրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած Շուշիի այցելութեան: Ասոր համար, սակայն, նախ պէտք է Նիկոլ Փաշինեան արտաքին գործոց նախարար մը նշանակէ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ