Վեհափառ հայրապետին բարի գալուստի եւ բոլորին կողմէ երախտագիտութեան խօսք արտասանեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ անդրադարձաւ լիբանանահայութեան համար նման այցելութեան կարեւորութեան՝ մասնաւորաբար այնպիսի պայմաններուն մէջ, երբ անլուծելի հարցերու եւ աղէտներու մէջէն կը քալենք ամէն օր։
Ան դիտել տուաւ, որ Արամ Ա. կաթողիկոս միշտ կրցաւ ճանչնալ եւ գնահատել լիբանանահայութեան կեանքին մէջ ստեղծուած ծով կարիքները, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական Ս. աթոռը իր գահակալով, նուիրեալ միաբանութեամբ եւ աշխարհասփիւռ ուխտապահ ժողովուրդի զաւակներով, շարունակեց ամէն ինչ ընել, որպէսզի չքայքայուի քրտինքով կերտուած լիբանանահայ կեանքը:
Ապա իր պատգամը տուաւ վեհափառ հայրապետը, որ ըսաւ, թէ իր այս այցելութեան հիմնական նպատակը ժողովուրդի զաւակներուն հետ ըլլալն է, խօսիլ լիբանանահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ լսել անոնց տեսակէտները լիբանանահայութեան դիմագրաւած ամէնօրեայ հարցերուն գծով
ՊԷՅՌՈՒԹ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 11 Օգոստոսի առաւօտեան այցելեց Պուրճ Համուտ եւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ հայ երեսփոխաններուն եւ նախարարի պաշտօնակատարին, լիբանանահայ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային իշխանութեան անդամներուն, պետական պաշտօնեաներուն, մշակութային, մարզական միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, մամուլի եւ տեղեկատուական մարզի գործիչներուն հետ, որոնց յայտնեց իր զօրակցութիւնը՝ գաղութին դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններուն դէմ յանդիման, ինչպէս նաեւ լսեց լիբանանահայութեան ներկայացուցիչներուն մտահոգութիւնները եւ դժուարութիւնները:
Արամ Ա. կաթողիկոս խոր մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ՝ նշելով, որ այսօր լիբանանցին աժանցած է երկար տարիներէ լիբանանցի պատասխանատուներուն վարած կառավարման սխալ ընթացքին պատճառով, որ երկիրը այս վիճակին հասցուց, ժողովուրդը այս վիճակին մատնեց:
Արամ Ա. վեհափառը դիտել տուաւ, որ, թէեւ պատերազմի տարիներուն ալ կար տագնապ, սակայն այսօրուան տագնապը շատ աւելի ծանր է, որովհետեւ այդ օրերուն աշխատանք կար, Լիբանան ոչինչէ զրկուեցաւ, իսկ այսօր ամէնէն տարրական կարիքներն իսկ գոյութիւն չունին: Ան ըսաւ, որ իր այցելութեան նպատակը միայն խօսիլ եւ միտքեր փոխանակել չէ, այլ միասնաբար գործել ժողովուրդին մէջ մտնելով, մօտէն տեղեակ ըլլալով անոր կարիքներուն, որպէսզի կարենանք օգտակար ըլլալ անոր:
Ապա ներկաները արտայայտեցին իրենց մտածումները, տեսակէտները եւ վեհափառ հայրապետին հետ բաժնեկցեցան իրենց մտահոգութիւնները:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ լիբանանահայութիւնը միշտ ալ վայելած է Արամ Ա. կաթողիկոսին գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը՝ հաստատելով, որ ան ամէն ճիգ ի գործ դրած է եւ կը դնէ՝ թեթեւցնելու ճգնաժամային վիճակները: Ան ափսոսանք յայտնեց, որ լիբանանահայութեան բարիքները վայելած եւ այսօր Լիբանանէն դուրս ապրողները թերահաւատութեամբ եւ ապերախտութեամբ կը մօտենան Լիբանանի հայութեան: Ան շեշտեց, որ ինչ ալ ըլլան պարագաները, լիբանանահայութիւնը մուրացկանի կացութեան մէջ պիտի չդրուի՝ դիտել տալով, որ Լիբանանի հայութեան գոյատեւումը համայն հայութեան համար կարեւոր է:
Ապա ան խօսեցաւ դպրոց, եկեղեցի, ակումբ երրորդութեան մասին՝ յատկապէս շեշտելով, որ դպրոցը պէտք է պահել, անոր նկատմամբ մեր գուրգուրանքը եւ ուշադրութիւնը պէտք է բազմապատկենք, անոր գոյատեւման համար ամէն ինչ պէտք է ընել, որպէսզի գոյատեւեն եւ շարունակեն նաեւ միւս երկուքը:
Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Արամ Ա. կաթողիկոսը, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեանի, առաջնորդ սրբազան հօր եւ այլ պատասխանատուներու՝ ուղղուեցաւ Սանճաք Քեմփի նախկին հողատարածքին վրայ «Սեն Ժագ« բնակարանային համալիրը, ուր ան ըսաւ հետեւեալը. «Ինծի համար այս այցելութիւնը ո՛չ պաշտօնական եւ ո՛չ սովորական այցելութիւն է. անիկա մեր ծառայութեան մաս կը կազմէ, բնական այցելութիւն է, եկեղեցին եւ եկեղեցւոյ ծառան՝ կաթողիկոսէն սկսեալ մինչեւ քահանայ, պէտք է ժողովուրդին հետ ըլլան, անոր տագնապներուն, ցաւին, ուրախութեան հետ, պէտք է իրենք զիրենք նոյնացնեն անոր ակնկալութիւններուն հետ՝ հետեւելով մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին»:
Ապա ան անդրադարձաւ «Սեն Ժագ» բնակարանային համալիրը իր այցելութեան, որուն նպատակն է աւելի մօտէն ծանօթանալ ու տեսնել Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ծրագիրը եւ նախաձեռնութիւնը հանդիսացող այդ շէնքերը, նաեւ իր գնահատանքը արտայայտելու Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին, որ իր գործակիցներով շատ կարճ ժամանակի ընթացքին լծուեցաւ Պուրճ Համուտի վերաշինութեան, մաքրութեան, վերակազմակերպման հսկայ աշխատանքին:
Ապա Արամ Ա. կաթողիկոսը շրջագայեցաւ համալիրին մէջ եւ ծանօթացաւ աշխատանքներու ընթացքին: