ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինուորներ Նոյեմբեր 2020էն սկսեալ ապահոված են առաւել քան 58,000 ինքնաշարժներու եւ շուրջ 210 հազար մարդոց տեղաշարժը, սննդամթերքի եւ տարբեր ապրանքներու տեղափոխումը Լաչինի միջանցքով Լեռնային Ղարաբաղ եւ հակառակ ուղղութեամբ: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Դիտորդական կէտի անձնակազմը վերահսկողութիւն կը կատարէ կրակի դադրեցման դրութեան պահպանման առնչութեամբ, կ՛ապահովէ երթեւեկի միջոցներու տեղաշարժի անվտանգութիւնը Լաչինի միջանցքով: Ընդ որում, իւրաքանչիւր ինքնաշարժ կը քննուի, անհրաժեշտութեան պարագային կը խուզարկուի: Մէկ օրուան ընթացքին շուրջ 200 ինքնաշարժներ կ՛անցնին», տեղեկացուց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ներկայացուցիչ Վասիլի Տավիտով: