Ալիեւ Լաչին եւ Քարվաճառ Այցելեց
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լի Լիցընպըրկըր այցելեց Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւնը, հանդիպումներ ունեցաւ տեղւոյն իշխանութիւններուն հետ եւ քննարկեց Ուաշինկթընի հետ համագործակցութեան ծրագիրները, կը հաղորդեն տեղական լրատուամիջոցները:
Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Նախիջեւանի եւ Հայաստանի սահմանին սուր իրավիճակի օրերուն:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այցելեց Լաչին եւ Քարվաճառ, այնտեղէն սպառնալով դատ բանալ միջազգային այն ընկերութիւններուն դէմ, որոնք, ըստ իրեն, ապօրինի հանքային արդիւնաբերութիւն կը կատարեն Արցախի մէջ: