1 Օգոստոսին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութեան մեկնեցաւ Ռիտլիի Ս. Սահակ-Մեսրոպ Հայց. եկեղեցի: Առաջնորդ սրբազան հայրը դիմաւորեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, ծխական եւ յարակից մարմիներու անդամները:
Թըրլաք
Սաքրամենթօ
Ռիտլի
Քարսըն Սիթի
Ճամբար
Այնուհետեւ, ձեռամբ առաջնորդ սրբազան հօր՝ մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին առաջնորդը կիսասարկաւագութեան աստիճան շնորհեց Սարգիս Պետրոսեանին, որ երկար տարիներով իր նուիրեալ ծառայութիւնը կը բերէ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Սրբազանը իր քարոզին ընդմէջէն յատուկ կերպով շնորհաւորեց նորոգ ձեռնադրեալը, ինչպէս նաեւ իր ջերմ ու սրտագին բարեմաղթութիւնները եւ օրհնութիւնը փոխանցեց ծուխի անդամներուն` յորդորելով, որ առաւել մեծ նուիրումով, անկոտրում կամքով եւ եռանդով շարունակեն իրենց ծառայութիւնը` տէրունահիմն ու առաքելաշաւիղ մեր Սուրբ եկեղեցւոյ:
Պատարագի աւարտին, առաջնորդին գլխաւորութեամբ, բոլոր ներկաները թափօրով ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ հանդիսութիւններու սրահը, ուր տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ ճաշկերոյթ, կազմակերպուած՝ ծխական խորհրդի կողմէ: Օրուան ծրագիրը եզրափակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԹԸՐԼԱՔ
Ռիտլիէն ետք, առաջնորդը մեկնեցաւ Թըրլաք քաղաքը, ուր տեղւոյն Սուրբ Խաչ Հայց. եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ սրբազանը դիմաւորեցին Թըրլաքի եւ Մոտեստոյի շրջանէն ժամանած առաւել քան 60 հաւատացեալ հայորդիներ. ներկաներուն մէջ էր նաեւ Թըրլաքի քաղաքապետը` Էյմի Պուպլաք: Դիմաւորման եւ բարի գալստեան արարողութենէն ետք, սրբազանը Տնօրհնեաց կարգ կատարեց եւ աղօթք վեր առաքեց առ Աստուած ի շինութիւն եւ ի պայծառութիւն Հայց. եկեղեցւոյ եւ հաւատաւոր հայ ժողովուրդին: Ապա սրբազանը մտերմիկ զրոյց ունեցաւ ներկաներուն հետ, որոնք ընկերային ջերմ պահ մը ապրեցան իրենց առաջնորդին հետ: Յովնան արք. Տէրտէրեան բարձր գնահատեց Թըրլաքի եւ Մոտեստոյի հայութիւնը եւ իր յատուկ երախտագիտութիւնը յայտնեց Դանիէլ սրկ. Այտէնեանին եւ անոր ընտանիքին՝ ըսելով. «Դուք Քրիստոսի իրական դեսպաններն էք այս համայնքին մէջ»:
Առ ի գնահատութիւն Թըրլաքի հայութեան հաւատքի կեանքին մէջ ցուցաբերած բացառիկ նուիրումին եւ նախանձախնդիր ծառայութեան՝ առաջնորդը Դանիէլ սրկ. Այտէնեանին նուիրեց Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարի պատկերը ներկայացնող միջնադարեան հայ մանրանկարչութեան արուեստի գեղեցիկ օրինակ մը: Աւարտին` ի պատիւ սրբազան հօր տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ հիւրասիրութիւն:
ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ ԵՒ ՔԱՐՍԸՆ ՍԻԹԻ
Առաջնորդը Թըրլաքէն հովուական այցելութեան մեկնեցաւ Սաքրամենթօ, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամներուն եւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Եղիշէ քհնյ. Քսաչիկեանի հետ:
Հոգեւոր հովիւին կողմէ սրբազանին ներկայացուեցաւ ծուխի ընթացիկ եւ հեռանկարային գործունէութեան վերաբերող կարգ մը նիւթեր, ինչպէս նաեւ քննարկուեցաւ նոր ձեռք բերուած եկեղեցւոյ օծման եւ նուիրագործման ժամկէտներու հարցերը:
Առաջնորդին հովուական այցելութեան վերջնակէտը Քարսըն Սիթին էր, ուր սրբազանը դիմաւորեցին քաղաքապետ Լորի Պեկուէլ, համայնքի ղեկավար Թամար Սարգիսեան Ուորեն, ինչպէս նաեւ տեղւոյն ծխական համայնքի անդամները:
Հանդիպման ընթացքին, առաջնորդը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց համայնքի անդամներուն նուիրուածութիւնը եկեղեցւոյ սրբազան աւանդոյթներուն եւ հուսկ երախտագիտութեան խօսքեր ուղղեց Թամար Սարգիսեան-Ուորենին` ջերմ ընդունելութիւն մը կազմակերպելուն, իսկ քաղաքապետին` Քարսըն Սիթիի հայ համայնքին հետ սերտ կապեր հաստատելուն, ամրապնդելուն եւ աջակցելուն համար:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՃԱՄԲԱՐ
Առաջնորդը 5էն 6 Օգոստոս այցելեց Արեւմտեան թեմի հովանիին տակ գործող Ճամբարը, ուր յիշարժան հանդիպում մը ունեցաւ ճամբարականներուն հետ:
Ճամբարի բացօթեայ մատրան մէջ, ձեռամբ առաջնորդին մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ, որուն դպրաց եւ սարկաւագաց բաժիններու երգեցողութիւնը կատարուեցաւ ճամբարականներուն կողմէ:
«Սիրելի ուստրեր եւ դուստրեր, աղօթքի եւ խորհրդածութեան այս շաբաթը, որ մշտապէս կը շաղախուի մարզանքի, ազգային երգի ու երաժշտութեան միաձուլումով, աներկբայօրէն կը ստեղծէ գեղեցիկ յիշողութիւններու անմոռանալի շղթայ մը, որուն կը գումարուի նաեւ ճամբարի այս շքեղ բնութինը, իր անզուգական գրաւչութեամբ, որ ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ Աստուծոյ հրաշալի ստեղծագործութեան առհաւատչեան», իր քարոզին մէջ ըսաւ սրբազանը: