ՊՈՍԹԸՆ.- Շաբաթ, 14 Օգոստոս ին, Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, ընկերակցութեամբ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մեսեչուսեց) հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Խոսրովեանի եւ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մեսեչուսեց) հոգեւոր հովիւ Թորգոմ քհնյ. Չորպաճեանի՝ հսկումի արարողութիւն կատարեց Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնի նախօրէին, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Ուայթընզվիլ)։
Ներկայ հաւատացեալները իրենց մասնակցութիւնը բերին սաղմոսներու եւ աղօթքներու ընթերցումով։ Հսկումը ուղիղ կերպով սփռուեցաւ։
Սրբազան hայրը յուզումնախառն ուրախութեամբ շնորհաւորեց տէր հայրը հսկումի այս արարողութեան նախաձեռնութեան համար՝ մաղթելով, որ օրինակ դառնայ թեմին մէջ եկեղեցիներու անուանակոչութիւններու տօներու նախօրեակներուն։ Իսկ Կիրակի, 15 Օգոստոսի առաւօտուն, առաջնորդը պատարագեց եւ քարոզեց, յնուհետեւ, ան նախագահեց եկեղեցւոյ տարեկան դաշտագնացութեան եւ խաղողօրհէքին, որուն նաեւ մասնակցեցան Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մեսեչուսեց) հոգեւոր հովիւ Պետրոս քհնյ. Շիթիլեան, տէռ Միքայէլ եւ տէր Թորգոմ քահանայ հայրերը։
Առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ գեղեցիկ եղանակին համար եւ կարճ բացատրութիւն մը տուաւ արարողութեան իմաստին մասին։
Դաշտագնացութիւնը իրականացաւ մեծ յաջողութեամբ՝ առաւել քան 700 մասնակցողներով, ինչ որ մրցանիշ մըն էր ծուխին համար։ Համադամ կերակուրները պատրաստուած էին եկեղեցւոյ անդամներու կողմէ, իսկ երաժշտութիւնը ապահոված էր Ճան Պէրպէրեանի նուագախումբը։