
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան առաջնորդարանի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ հրապարակեց Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան ի նպաստ հանգանակութեան վերաբերող ստորեւ ներկայացուած կոչ-յայտարարութիւնը.
Քրիստոնէական սիրով եւ երախտագէտ զգացումներով, որպէս առաջնորդ Արեւմտեան Ամերիկայի, ազգային եւ հաւատքի առաքելութեան կեդրոն՝ Լա Քրեսենթայի առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները:
Ուրախ ենք յայտարարելու, որ Արեւմտեան թեմի հոգեւորական թէ աշխարհական նուիրեալներու ջանքերով ու մասնակցութեամբ, Հայրապետական օրհնանքին եւ մեր առաջնորդական կոչին ընդառաջ, Օգոստոս ամսուան ընթացքին, Ազգային առաջնորդարանը Լիբանանի ժողովուրդին ի նպաստ հանգանակած է 201 հազար 726 տոլար ($201,726):
Այս առիթով բարձր կը գնահատենք մերազն ժողովուրդին բարեսիրական նկարագիրը եւ տեսնելով կը վկայենք՝ դէպի Լիբանանի հայութիւն երկարող Ամերիկայի մեր ժողովուրդին եղբայրական ձեռքը:
Մեր սրտագին մաղթանքն է, որ շարունակուի այս բարի գործունէութիւնը, որպէսզի բոլորիս միացեալ ջանքերով կարենանք մեր եղբայրներն ու քոյրերը հնարաւորինս դուրս բերել Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական ծանր պայմաններէն:
Սիրելի հայորդիք,
Շնորհակալ ենք Ձեր լիաբուռն զօրակցութեան: Աղօթող ենք Ձեր բոլորին կենաց առողջութեան համար եւ գնահատանքով շնորհաւորող՝ Ձեր մարդկային արժանիքները եւ քրիստոնէական նկարագիրը:
Նուիրատուութիւններուն ընթացքը յոյժ գնահատելի է եւ կը մնայ շարունակելի: Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին օղակ մը աւելցնել նուիրատուութիւններու այս ոսկեայ շղթային, թող բարի ըլլան իրենց գումարը կամ վճարագիրը հասցնել Ազգային Առաջնորդարան (Check – Make CHECKS PAYABLE TO WESTERN PRELACY), անձամբ կամ նամակատարով (Western Prelacy 6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214):