ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Արցախի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր երեք` «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն», Արցախի «Արդարութիւն» եւ «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւնները 1 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցան Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30ամեակին առթիւ Արցախ այցելող Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ երկկողմ համագործակցութեան շարունակականութիւնը եւ տեսակէտներ փոխանակուեցան բոլորը մտահոգող շարք մը հարցերու շուրջ:
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան, ողջունելով խորհրդարանականները՝ նշեց, որ թէ՛ Արցախի, թէ՛ Հայաստանի առջեւ ծառացած հարցերը նոյնն են, եւ շատ կարեւոր են ճիշդ ախտորոշում կատարելը եւ լուծման դեղը գտնելը: Ան առաջարկեց հանդիպումները պարբերական դարձնել եւ յստակ հարցեր առաջադրելով՝ լուծել զանոնք:

«Արցախն առանց Հայաստան չի կարող գոյութիւն ունենալ եւ հակառակն էլ է տրամաբանական: Եթէ նախկինում հայկական զոյգ հանրապետութիւնները 300ից աւելի կմ. սահման էին պահում, ապիկար կառավարման արդիւնքում իւրաքանչիւրն ունեցաւ 600-700 կմ. սահման: Մենք յապաղելու ժամանակ չունենք, անհրաժեշտ է քայլ առ քայլ հասնել մեր նպատակին», նշեց Արթուր Մոսիյեան` աւելցնելով, որ այս պահուն օրէնսդրական գործունէութիւնը ամէնէն առաջնայինը չէ:
«Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ հանդիպումը հետագայ համագործակցութեան մեկնարկ կը հանդիսանայ: «Արցախի հետ կապուած մեր մօտեցումները պէտք է ուղղակի բխի նաեւ Արցախի ժողովրդի պահանջներից եւ մօտեցումներից: Մենք Հայաստանում փորձում ենք Արցախի տեսակէտ ներկայացնել, որը պէտք է բխի Արցախի ժողովրդի շահերից: Այժմ մենք ունենք մի տարօրինակ իրավիճակ` Արցախի ժողովրդի միասնական, համաձայնեցուած տեսակէտ արտայայտելու խնդիր կայ», ըսաւ Ռուստամեան` շեշտելով, որ նման հանդիպումներ պիտի նպաստեն Արցախի իրական խնդիրները լուսարձակի տակ բերելու ու լուծելու:
Հանդիպման մասնակցողները վստահեցուցին, որ գաղափարական նոյն ուղղութիւնները ունեցող խմբակութիւններուն միջեւ նման հանդիպումները եւ շփումները շարունակական պիտի ըլլան։