ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Պատշաճ այլ վերնագիր մը պիտի ըլլար՝ «Խորհրդարանականները ջութակ կը նուագեն, մինչ Հայաստանը կ՛այրի», որ իմ ստեղծած տարբերակն է՝ «Ներոնը ջութակ կը նուագէ, մինչ Հռոմը կ՛այրի» պատմական յայտնի արտայայտութեան, որ կը վերաբերի Հռոմի մէջ մեծ հրդեհի ժամանակ Ներոն կայսեր անգործութեան:
Այս է Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ ողբերգական իրավիճակը: Անցեալ սեպտեմբերեան պատերազմին Արցախի հողերու մեծամասնութեան եւ հազարաւոր հայ երիտասարդներու կորուստէն ետք, կարելի էր կարծել, որ հայերը Հայաստանի թէ՛ ներսը, թէ՛ դուրսը պիտի համախմբուին՝ իրենց վէրքերը բուժելու, բանակը ամրապնդելու եւ թշնամիին հետագայ յառաջխաղացքը ետ մղելու համար: Ցաւօք սրտի, տեղի կ՛ունենայ ճիշդ հակառակը: Մեղաւորը ոչ թէ Ատրպէյճանը, Թուրքիան, Ռուսիան կամ մէկ ուրիշն է, այլ՝ մենք: Մենք չենք ուզեր միաւորուիլ նոյնիսկ մեծ արհաւիրքէն ետք: Ուրիշը մեղադրելէ առաջ, պէտք է որ մենք մեզ դիտենք հայելիին մէջ:
Հայաստանի անկախացումէն ի վեր մենք կը պարծենայինք, թէ տարածաշրջանին մէջ Հայաստանը ունէր ամէնէն հզօր բանակը, թէ Ատրպէյճան չէր համարձակեր յարձակիլ մեր վրայ եւ եթէ յարձակէր, ապա մենք կը հասնէինք մինչեւ Պաքու: Անցեալ տարուան պատերազմէն առաջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը մեծամտօրէն յայտարարեց. «Նոր պատերազմ՝ նոր տարածքներ», այսինքն, եթէ Ատրպէյճան յարձակէր Արցախի վրայ, ապա Հայաստան պիտի գրաւէր ատրպէյճանական յաւելեալ տարածքներ:
Հայաստանի եւ Արցախի նախկին ու ներկայ ղեկավարները մերժեցին որեւէ զիջում ընել Արցախի յարակից տարածքներուն գծով, եթէ Ատրպէյճան նախօրօք չհամաձայնի ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը: Հակառակ անոր, որ մնացեալ ամբողջ աշխարհը կոչ կ՛ընէր Հայաստանի ղեկավարներուն՝ երթալ փոխզիջումներու եւ վերադարձնել Արցախի յարակից տարածքները, մենք մերժեցինք նման առաջարկներ: Այս է պատճառը, որ ոչ մէկ երկիր ուզեց ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը: Նոյնիսկ Հայաստան մերժեց այդ ընել՝ ակնկալելով, որ մեզմէ առաջ ուրիշներ կը պաշտպանեն Արցախի շահերը:
Իբրեւ հետեւանք, մենք վատնեցինք մեր եզակի հնարաւորութիւնը՝ 1990ականներուն ստիպել Ատրպէյճանին, որ ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, այն պահուն, երբ թշնամին պարտուած էր եւ տկար:
Չմտնելով անիմաստ բանավէճի մէջ, թէ՝ արդեօք նախկին կամ ներկայ ղեկավարնե՞րն էին պատասխանատու 2020ի մեր պարտութեան, ըսեմ, որ մենք բոլորս պատասխանատու ենք այս աղէտին համար:
Վերջին պատերազմի աւարտէն ի վեր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մերժեց հրաժարական տալու բազմաթիւ առաջարկներ եւ չձգեց, որ նոր ղեկավար մը ստանձնէ աւերուած երկրին կառավարման ղեկը: Ան պնդեց, որ ինք միակն է, որ կրնայ լուծել երկրին առջեւ ծառացած հսկայական հարցերը: Ինչպէ՞ս կրնար մէկը, որուն իշխանութեան ժամանակ երկիրը նման պարտութիւն կրեց, բան մը շտկել: Բայց ան յամառօրէն կառչեցաւ իր աթոռին: Օգտագործելով իր տրամադրութեան տակ եղած պետական աղբիւրները՝ ան յաջողեցաւ համոզել ընտրութիւններու մասնակիցներու կէսէն քիչ մը աւելին, որ օգնեն իրեն եւ իր կուսակցութեան: Իրականութեան մէջ, Փաշինեանի օգտին քուէարկածներուն մեծ մասը դէմ քուէարկած է նախկին ղեկավարներուն: Ինչպէս եւ կը սպասուէր, պատերազմէն գրեթէ մէկ տարի անց, ոչ միայն չեն լուծուած Հայաստանի հարցերը, այլեւ շատ առումներով անոնք աւելի եւս վատթարացած են:
Թէեւ նախկին ղեկավարներուն եւս այնքան ալ չէին համակրեր՝ անոնց իշխանութեան օրօք, սակայն թշնամանքի եւ ատելութեան այն աստիճանը, զոր այսօր կը տեսնենք Հայաստանի մէջ, աննախադէպ է: Դժբախտաբար, վարչապետն ալ աւելի սրեց իրավիճակը՝ անընդհատ սպառնալիքներ եւ նախազգուշացումներ հնչեցնելով ո՛չ միայն նախկիններուն, այլեւ իրեն համաձայն չեղող իւրաքանչիւր մարդու դէմ: Ան իր իշխանութիւնը սկսաւ՝ քարոզելով ժողովրդավարութիւն եւ հանդուրժողութիւն, բայց արագօրէն դարձաւ բռնակալ` հասարակութիւնը բաժնելով «սեւեր»ու եւ «սպիտակներ»ու, եւ, սարսափելիօրէն, իր նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին բեմի վրայ մուրճ թափահարեց՝ սպառնալով ջարդել իր հակառակորդներուն գլուխները…
Նման թունաւոր մթնոլորտի մը մէջ անկարելի է ժողովուրդը միաւորել հասարակաց թշնամիին դէմ: Շատ աւելի դիւրին է պայքարիլ երկրի քաղաքական ներքին հակառակորդներուն դէմ: Ոչ իշխանութիւնը, ոչ ալ ընդդիմութիւնը պատրաստ են որեւէ փոխզիջում կատարելու՝ երկրին հարցերը լուծելու եւ հայրենիքը պաշտպանելու համար թշնամական հետագայ ներխուժումներէ:
Զարմանալի չէ, որ երբ անցեալ շաբաթ Փաշինեան խորհրդարան եկաւ՝ ներկայացնելու համար իր կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրը, սկսաւ ծեծուըռտուք մը, որուն իբրեւ արդիւնք խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ապահովութեան պաշտօնեաներուն հրամայեց դահլիճ մտնել եւ ընդդիմութեան որոշ ներկայացուցիչները բռնի ուժով դուրս հանել: Խորհրդարանը աւելի նման էր ռազմական կայազօրի, քան օրէնսդիր ժողովի սրահի: Սիմոնեան յաճախ կ՛ոտնահարէր ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն ազատ խօսքի իրաւունքը, երբ անոնք կը համարձակէին նուաստացուցիչ կերպով անդրադառնալ վարչապետին: Ան հրամայեց անջատել ելոյթ ունեցողներուն բարձրախօսները, ինչպէս նաեւ ժողովները սփռող տեսախցիկները: Այս խիստ միջոցները անյարիր են երկրի օրէնսդիր մարմինին: Ծեծուըռտուքի տգեղ տեսարանները կը սփռուէին աշխարհի հեռատեսիլային ընկերութիւններու ճամբով՝ խայտառակելով համայն հայութիւնը:
Հետեւանքը այն եղաւ, որ կառավարութեան առաջարկած հնգամեայ ծրագիրը գրեթէ չքննարկուեցաւ: Փոխարէնը՝ կրկնուեցան յարձակումները խորհրդարանականներու կողմէ, ինչպէս ֆիզիքական, այդպէս ալ բանաւոր:
Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, քաջալերուած իրենց վերջին յաղթանակէն եւ տեսնելով խոր պառակտումներ Հայաստանի ներսը, ոտնձգութիւններու սկսան Հայաստանի սահմաններուն վրայ՝ պահանջելով աւելի ու աւելի զիջումներ: Հայաստանի թուլցած առաջնորդը չի կրնար դիմադրել Ատրպէյճանի գոռոզ պահանջներուն, մինչդեռ Հայաստանի ռազմական դաշնակից Ռուսիան կը հետապնդէ իր շահերը` զանոնք համաձայնեցնելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ:
Եզրափակելով, կ՛ուզէի նշել երկու կէտ, որոնք յաճախ կը քննարկուին ընկերային ցանցերու վրայ:
1) Փաշինեանի ուղղուած ամէնէն փոքր քննադատութեան պարագային, անոր կողմնակիցները կը շտապեն խրատել քննադատողները՝ ըսելով, որ Սփիւռքը իրաւունք չունի քննադատելու Հայաստանի կառավարութիւնը: Ես կը մերժեմ այսպիսի առարկութիւններ, որովհետեւ Հայաստանը բոլոր հայերուն հայրենիքն է` անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կ՛ապրին անոնք: Քննադատութիւնը կամ գովասանքը նշան է այն բանին, որ անհատ մը մտահոգ է իր հայրենիքով, աւելի քան ինչ ցոյց կու տայ անտարբեր հանդիսատեսի մը կեցուածքը: Ինչո՞ւ իրաւունք ունինք կարծիք յայտնելու աշխարհի որեւէ այլ երկրի, օրինակ՝ Աֆղանիստանի մասին, սակայն երբ խօսքը վերաբերի Հայաստանին` մեր հայրենիքի՛ն, ապա նման իրաւունք չունինք: Հետաքրքրական է նաեւ այն փաստը, որ անոնք, որոնք կ՛առարկեն սփիւռքահայերու կողմէ Հայաստանի կառավարութեան հասցէին հնչող քննադատութիւններուն, որեւէ առարկութիւն չունին, երբ նոյն այդ մարդիկ գովաբանեն Հայաստանը: Հետեւաբար, հարցը ոչ թէ Հայաստանը քննադատելու իրաւունք ունենալն է, այլ՝ վարչապետի հասցէին քննադատութիւն լսել չուզելը:
2) Կը կարծեմ, որ կառուցողական քննադատութիւնը շատ աւելի արժէքաւոր է, քան ղեկավարի մը կուրօրէն աջակցիլը: Ո՞րն է աւելի հայրենասիրական. այն, որ տեսնելով, թէ բան մը սխալ կ՛ընթանայ՝ բերանը փակ պահե՞լ, թէ բարձրաձայն խօսիլ այդ մասին եւ փորձել զայն ուղղել: Իմ կարծիքով, ուղղիչ գործողութիւններու ձեռնարկելը շատ աւելի հայրենասիրական է, քան լռելը՝ թոյլ տալով, որ սխալը շարունակուի:
Կը յուսամ, որ կը դադրինք «ջութակ նուագելէ», կամ՝ մեր պարագային՝ իրարու դէմ պայքարելէ, եւ ձեռք ձեռքի կու տանք՝ ստեղծելու համար հզօր Հայաստան մը, որ կը դիմանայ մեր հայրենիքի դարպասներուն առջեւ բարբարոսներու անդադար յարձակումներուն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ