ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրք-ատրպէյճանական զօրավարժութիւններու իրականացումը՝ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններու եւ Լաչինի միջանցքի մերձակայքը, կը նկատուի լարուածութեան մեղմացման վերաբերող քայլերուն վնասող գործողութիւն:
Այս յայտարարութիւնը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան` պատասխանելով «Սպուտնիկ Արմէնիա» լրատուական գործակալութեան` Լաչինի շրջանին մէջ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միացեալ զօրավարժութիւններու մեկնարկին վերաբերող հարցումին:
«Այս գործողութիւնը չի համապատասխանում 2020թ․ Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան ոգուն եւ խաթարում է տարածաշրջանում տեւական խաղաղութիւն, անվտանգութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերը», յայտնեց Վ. Յունանեան:
Նշենք, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը վարութիւններ կը կատարեն Քաշաթաղի (Լաչին) շրջանին մէջ, որ արցախեան 44օրեայ պատերազմէն ետք անցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: