ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Փարիզի վճռաբեկ դատարանը հաստատեց Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հօրեղբօր՝ Ռիֆհաթ Ասատին դէմ արձակուած չորս տարուան բանտարկութեան վճիռը։
Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆեզ Ասատի եղբայր Ռիֆհաթը կը մեղադրուի «դրամ լուալ»ու եւ ապօրինի կերպով Ֆրանսայէն մեծ գումարներ դուրս բերելու յանցանքներով:
84ամեայ Ռիֆաթը բարձրաստիճան պաշտօններ վարած է իր աւագ եղբօր պաշտօնավարութեան օրերուն, սակայն անոր հետ տարակարծութիւններ ունենալով երկրէն հեռացած էր 1984ին եւ հաստատուած՝ Փարիզ: