ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տուշանպէի մէջ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իրանի նախագահ Սէյիտ Իպրահիմ Ռայիսի ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին հայ-իրանեան յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման, երկու երկիրներուն միջեւ բեռնափոխադրութեան անխափան կազմակերպման, շրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:
Իրանի նախագահը յոյս յայտնեց, որ պաշտօնավարման ընթացքին երկու երկիրներուն յարաբերութիւններուն մէջ նոր դրական քայլեր կ՛արձանագրուին։
Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրին մէջ յատուկ կերպով ընդգծուեցաւ տարածաշրջանային յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը: Այս պարունակին մէջ, վարչապետը կարեւոր նկատեց Իրանի նախագահին յայտարարութիւնը, ըստ որուն, Իրանի համար եւս կարեւոր է դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումը: