ՖՐԵԶՆՕ.– Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին ջանքերով լոյս տեսած եւ Երիտասարդ թուրքերուն նուիրուած՝ The Committee of Union and Progress: Founders, Ideology, and Structure հատորին վերաբերող քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 25 Սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10 սկսեալ։
Առցանց քննարկումին մասնակցելու համար այցելել http://bit.ly/armenianstudiescupbook կայքը։
Քննարկումին պիտի մասնակցին հատորին խմբագիրները՝ դոկտ․ Ումիթ Քիւրթ, Արա Սարաֆեան եւ փրոֆ․ Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, ինչպէս նաեւ հատորին մէջ ուսումնասիրութիւններ ունեցող՝ դոկտ․ Հանս-Լուքաս Քայզըր եւ դոկտ․ Տիգրան Խալիկեան։
Քննարկումին համահովանաւորն է՝ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը։
Հատորէն օրինակ մը ապահովելու համար այցելել՝ http://abrilbooks.com կամ https://naasr.org/collections/naasr-bookstore կայքերը։