Հինգշաբթի, 23 Սեպտեմբերին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին իր առաջին այցելութիւնը տուաւ նորակազմ կառավարութեան մէջ հայ համայնքը ներկայացնող ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան:
Նախարար Պուչիքեան իր աշխատանքին սկսելէ առաջ վեհափառին այցելած էր անոր օրհնութիւնը ստանալու համար: Արդարեւ, նախարարը կաթողիկոսին խոստացաւ Լիբանանի ու Լիբանանի հայութեան նուիրումով ծառայելու: Ապա, ան ընդհանուր գիծերու մէջ պարզեց իր յառաջիկայ աշխատանքին առաջնահերթութիւնները:
Կաթողիկոսը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց նախարար Պուչիքեանին՝ անոր ցուցաբերած նուիրումին ու ծառայելու յանձնառութեան համար: Հայրապետը յատկապէս շեշտեց, որ երկրի տնտեսութեան զարգացման ծիրին մէջ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը առանցքային դեր ունի յատկապէս այս օրերուն, հետեւաբար, ան յոյս յայտնեց, որ պարոն նախարարը այս գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պիտի կազմակերպէ նախարարութեան գործունէութիւնը: