«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն խոստացաւ, որ Միացեալ Նահանգները, անցեալ ամիս Աֆղանիստանէն հեռանալէն ետք, Սուրիոյ մէջ իրենց քիւրտ դաշնակիցները պիտի չլքեն», յայտնեց Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժերու ընդհանուր հրամանատար Մազլում Ապտի:
Ան բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց, որ Աֆղանիստանի զարգացումներէն ետք Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի բնակիչները մտահոգուած են: «Անկեղծ ըլլանք. Աֆղանիստանէն ամերիկեան հեռացումէն ետք մարդիկ կը վախնային: Կը վախնային նոյն ճակատագիրին արժանանալու»:
Սպիտակ տունը ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Ֆրենք Մըքենզին ուղարկած է հիւսիս-արեւելեան Սուրիա` Մազլում Ապտիին անձնապէս երաշխիքներ տալու համար:
«Մեզի երաշխիքներ տուին, որ ասիկա Աֆղանիստան չէ: Ըսին, որ այստեղ ամերիկեան քաղաքականութիւնը բոլորովին տարբեր է», «Թայմզ»ին յայտնեց Ապտի: