ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Ըստ «Հրապարակ»ի փոխանցած տեղեկութիւններուն` ձերբակալուեցաւ բանակի ընդհանուր փոխհրամանատար Ստեփան Գալստեան, որուն բնակարանը եւս խուզարկուեցաւ։
Նշենք, որ Գալստեան քանի մը օր առաջ հարցաքննուած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) կողմէ:
Յիշեցնենք, որ ԱԱԾի մէջ յարուցուած է քրէական գործ, որ կը վերաբերի 2011ին իրականացուած զէնք-զինամթերի սպասարկման, եւ որուն ծիրին մէջ ձերբակալուեցաւ նաեւ ռազմական օդուժի նախկին պետ Աւետիք Մուրադեան:
Ինչպէս նախապէս փոխանցած էինք՝ ձերբակալուեցան նաեւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ զէնքի մատակարար Դաւիթ Գալստեան (Պատրոն Դաւիթը):