ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի ընդհանուր հիւպատոսին հետ խորհրդակցաբար՝ կազմուած է Լիբանանի ընտրութիւններու շտապը, որպէսզի Արեւմտեան Ամերիկայի լիբանանահպատակ հայ բնակչութեան պէտք եղած տեղեկութիւնները փոխանցէ եւ զանոնք մղէ մասնակցելու Լիբանանի 2022ի խորհրդարանական ընտրութիւներուն:
Ընտրութիւններուն մասնակցելու համար պէտք է արձանագրուիլ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հաստատուած համացանցային կայքին վրայ, որուն հասցէն է` diasporavote.mfa.gov.lb: Ընտրութիւններուն կրնան մասնակցիլ 30 Մարտ 2001էն առաջ ծնած բոլոր լիբանանցիները: Արձանագրութիւնները պէտք է կատարուին մինչեւ 20 Նոյեմբեր:
Ընդհանուր հիւպատոսը Լիբանանի ընտրութիւններու շտապին շեշտած է, թէ յառաջիկայ ընտրութիւններուն բոլոր մասնակցողները, ներառեալ` 2018ին ընտրութիւններուն մասնակցողները, պէտք է դարձեալ արձանագրուին:
Լիբանանի ընտրութիւններու շտապը ընտրութիւններու սեմին կը ծրագրէ համայնքային շարք մը նախաձեռնութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ Միացեալ Նահանգներ ապրող լիբանանահայութեան առաւելագոյն մասնակցութիւնը ապահովել:
«Լիբանանի մէջ շարք մը յատկանշական իրադարձութիւններ տեղի ունեցան նախորդ ընտրութիւններէն ետք եւ 2022ի ընտրութիւնները լաւ առիթ են լիբանանահայութեան, որ իր ձայնը լսելի դարձնէ: Լիբանանի ընտրութիւններու շտապը իր կարելին պիտի ընէ՝ դիւրացնելու համար լիբանանահայերու մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն», կը յայտնէ շտապի անդամներէն Թորոս Յ. Քէչէճեան: