ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Քննչական կոմիտէն հրապարակեց Արցախեան 44օրեայ պատերազմին վերաբերող նոր թիւեր ու տուեալներ, ըստ որոնց՝ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին Արցախի եւ Հայաստանի մէջ զոհուած են ընդհանուր 3 հազար 788 անձեր։
4 Հոկտեմբերի դրութեամբ՝ 224 զինուորներու եւ 22 քաղաքացիներու գտնուած վայրերը կը մնան անյայտ։
Նշենք, որ պատերազմէն ետք Ատրպէյճան 108 գերիներ՝ զինուորներ եւ քաղաքացիներ, վերադարձուց:
Վերջերս Պաքու հաղորդեց, որ, ըստ վերջին տուեալներուն՝ 44օրեայ պատերազմին Ատրպէյճանի բանակի մահացածներուն թիւը 2 հազար 907 է, իսկ անհետ կորսուած կը նկատուին 7 զինուորներ: