
ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յայտարարէ, թէ խորապէս մտահոգ է Լոս Անճելըս քաղաքի ընտրատարածքներու սահմանները փոփոխութեան ենթարկելու առաջարկով, որ կը սպառնայ տկարացնել հայութեան քուէին ուժը, զայն բաժնելով տարբեր ընտրատարածքներու մէջ։
Մտահոգիչ է յատկապէս ներկայիս 2րդ ընտրատարածքին մէջ գտնուող Վեն Նայսի, Նորթ Հոլիվուտի եւ Վելի Վիլեճի հայահոծ շրջանները մէկ ընտրատարածքէ դուրս բերելու եւ երեք ընտրատարածքներու մէջ բաժնելու առաջարկը, որ զգալիօրէն պիտի տկարացնէ շրջանի հայութեան քաղաքական դիրքը, արժեզրկելով հայութեան ունեցած տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային ներդրումները։
Յիշեցնենք, որ Լոս Անճելըսի 2րդ ընտրատարածքէն Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած էր Փօլ Գրիգորեան, որ հանդիսացած էր այդ մարմինին ընտրուած առաջին հայը։
Սանլենտ-Թահանկա, ինչպէս նաեւ Էնսինօ-Ռըսիտա շրջաններուն կամայական բաժանումը եւս նման մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ բանակցութիւնները եւ խորհրդակցութիւնները, որպէսզի անարդար սահմանագծումի այս առաջարկը կարելի ըլլայ բարեփոխել։

Ասի շատ հետագրքրական է. ընտրական շրջանները նոր ձեւի պիտի բերեն այն ատենը, երբոր Հայաստանի մէջն ալ տեղական ընտրութիւններ պիտի ըլլան եւ Նիկոլին մարդերը իրենց պազը պիտի զօրացընեն, օբօզիսիոնին պիտի տկարացընեն: Իմ կարծիքովս, Լոս Անճելոսի մէջ եղածին մէջը Նիկոլը մատ ունի կերեւի կոր: (Ասի կատակի համար գրեցի, քանի որ վերջերս, Նիկոլին քիթը այնչափ երկայնցած է որ ամմէն տեղ կը խոդէ կոր)