
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ աշխատանք կը կատարուի` կասեցնելու համար Թուրքիոյ 40 «Էֆ․16» ռազմական օդանաւեր ծախելու եւ արդէն իսկ Թուրքիոյ գնած 80 այլ նման օդանաւերէն 80ը արդիականացելու համար սարքեր ծախելու ջանքերը։
Այս նպատակով, յունական, հայկական, հնդկական, քրտական եւ միջին արեւելեան կազմակերպութիւններ նամակ մը յղեցին Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ Ռազմական սպասարկութիւններու յանձնախումբերուն՝ յիշեցնելով, որ Անգարայի ներկայ վարչակազմը ոչ միայն հաւատարիմ դաշնակից չէ, այլ վտանգ կը սպառնայ՝ առնելով ՆԱԹՕի սկզբունքներուն հակադրուող քայլեր ։
Նոյն կազմակերպութիւնները նաեւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին խումբ մը քոնկրեսականներու կողմէ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին յղուած այն նամակին, որ նման մտահոգութիւններ փոխանցած էր։
Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն նամակը առաքելու աշխատանքը գլխաւորեցին քոնկրեսականներ Քրիս Փափաս, Քերոլայն Մըլոնի եւ Կաս Պիլիրաքիս։