ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Երեւանի մէջ, ընդունելով ԵԽԽՎի դիտարկման յանձնաժողովին մէջ Հայաստանի պարտաւորութիւններու հարցերու համազեկուցողները՝ շեշտեց հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու անվերապահ հայրենադարձութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան կարեւոր նկատեց Ապրիլին հայ ռազմագերիներուն վերաբերեալ ԵԽԽՎի մէջ քննարկումը եւ զեկոյցի ընդունումը:
Համազեկուցողները ընդունեց նաեւ արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեան: Դիտարկման խումբին ներկայացուեցան նախաքննութեամբ հաստատուած փաստացի տեղեկութիւններ եւ վերապրածներու վկայութիւններ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ հայ ռազմագերիներու եւ պահուող քաղաքայիններու նկատմամբ խոշտանգումներու, այլ դաժան, անմարդկային կամ նուաստացնող վերաբերմունքի, արտադատական սպանութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքներու այլ կոպիտ խախտումներու վերաբերեալ:
Նախարար Միրզոյեան հանդիպման ընթացքին շեշտեց նաեւ միջազգային կառոյցներու, որոնց կարգին Եւրոպական խորհուրդի համապատասխան մարմիններու՝ Արցախի մէջ անխոչընդոտ ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը:
Հայկական կողմը ընդգծեց, որ Եւրոպական խորհուրդին անդամակցելով թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Ատրպէյճան պարտաւոր են բացառապէս խաղաղ միջոցներով կարգաւորել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, մինչդեռ Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմի սանձազերծումը Եւրոպայի խորհուրդին առջեւ ստանձնած այս պարտաւորութեան բացայայտ խախտում էր:
Համազեկուցողները հանդիպումներ ունեցան նաեւ խորհրդարանական ուժերուն հետ: