ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔԻՕ.- Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 19 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրային հանդիպում մը Հայաստանի Հանրապետութեան մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի հետ, որ մանրամանութիւններ պիտի ներկայացնէ Հայաստանի եւ Արցախի հայութեան դէմ Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն եւ միջազգային ատեաններու մէջ Պաքուի դէմ առնուած իրաւական քայլերուն մասին։
«Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնին հասցէն է՝ 825 Brotherhood Way, San Francisco, CA 94132։
Մուտքը ազատ է։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար այցելել facebook.com/ancasf կայքէջը։