ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ»․- Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Զայէտ Նահիան Երեքշաբթի օր այցելեց Դամասկոս, հանդիսանալով 10 տարուան ընթացքին առաջին բարձրաստիճան էմիրաթցի պաշտօնատարը, որ Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր կ՛այցելէ Սուրիա:
Սուրիական դիւանագիտական աղբիւրներ «Շարք» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ արտաքին գործոց նախարարը Սուրիոյ նախագահին յանձնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ եւ Ապու Տապիի գահաժառանգ Խալիֆա պըն Զայէտ Նահիանի կողմէ նամակ մը:
Նախարարը Ասատի հետ քննարկեց յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութիւնները եւ Արաբական լիկա վերադարձի՝ Սուրիոյ թղթածրարը:
Նշենք, որ Ալճերիոյ նախագահ Ապտելմաժիտ Թապու յայտարարած էր, որ իր երկիրը Մարտ 2022ին պիտի հիւրընկալէ արաբական յաջորդ վեհաժողովը, որ պիտի վերարծարծէ Արաբական լիկային մէջ Սուրիոյ 10 տարիէ ի վեր թափուր մնացած աթոռի հարցը: Արաբական լիկան Նոյեմբեր 2011ին որոշած էր սառեցնել Արաբական լիկային՝ Սուրիոյ անդամակցութիւնը:
Այս տարուան Սեպտեմբերին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պաշտպանութեան նախարար Մուհամմատ պըն Զայէտ իշխանը հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած էր Սուրիոյ նախագահ Ասատի հետ՝ քննարկելով «երկու քոյր երկիրներու յարաբերութիւնները եւ տարբեր մարզերու մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները»:
Նշենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Դեկտեմբեր 2018ին վերաբացաւ Դամասկոսի իր դեսպանատունը, որ փակած էր 2012ին:
Միւս կողմէ, Ուաշինկթըն մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փորձերուն եւ անոնց յղած պատգամին նկատմամբ:
«Մենք ո՛չ պիտի կարգաւորենք կամ բարելաւենք Ասատի վարչակարգին հետ մեր յարաբերութիւնները, ոչ ալ պիտի աջակցինք այլ պետութիւններու նման քայլերուն, նկատի ունենալով այն վայրագութիւնները, զորս կատարած է իշխող վարչախումբը իր սեփական ժողովուրդին դէմ», յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Նետ Փրայս: