Վերջին տասնամեակներուն ընթացքին, քիւրտերը եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կողմնակիցները եւ կարեւոր դեր խաղցած են այս գործընթացին մէջ, արժանթինահայ «Նոր Սեւան»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Օքսֆորտի համալսարանէն քիւրտ գիտնական, հայագէտ Օզլեմ Պելչիմ Կալըփ:
Ան կը նշէ, որ քիւրտերը եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր մեղաւորներէն մէկը, իսկ այն քիւրտերը, որոնք չէին ուզեր յարձակիլ խաղաղ հայ բնակիչներուն եւ փախստականներուն վրայ, պատժուեցան օսմանեան կառավարութեան կողմէ։
«Բայց շատ քիւրտեր դէմ էին անոր՝ պահելով, պաշտպանելով կամ ընդունելով հայ փախստականները, փրկելով հայ մանուկներու կեանքը։ Քիւրտերը վերջին տասնամեակներուն ընթացքին եղած են Ցեղասպանութեան ճանաչման կողմնակիցները։ Քիւրտ քաղաքական գործիչները եւ գիտնականները կը դատապարտեն իրենց նախնիներուն մասնակցութիւնը ջարդերուն եւ կը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը», կ՛ըսէ Օզլեմ Պելչիմ Կալըփ՝ յիշեցնելով, որ քիւրտ գործիչները ոչ միայն ներողութիւն խնդրեցին իրենց յանցաւոր նախնիներուն կողմէ, այլ նաեւ քրտական վէպերով լուսարձակի տակ առին հայերուն ապրածները:
Ան համաձայն է այն պնդումներուն, որ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցը չի լուծուիր, եթէ չճանչցուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Մինչեւ այն ատեն, որ թրքական պետութեան գաղափարախօսութիւնը եւ քաղաքականութիւնը չեն փոխուած, չի փոխուիր նաեւ թուրք հասարակութեան մէջ հայերուն ընկալումը։ Թրքական պետութիւնը լրատուամիջոցներու, համալսարաններու եւ նոյնիսկ գրականութեան միջոցով նպաստեց հակահայ նախապաշարմունքներու ընդլայնման, ըսաւ ան՝ ընդունելով, որ Ցեղասպանութենէն ետք Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը երբեք դիւրին չէ եղած։
Հրանդ Տինքի սպանութիւնը առաջին անգամ ըլլալով ընդգծեց Հայկական Հարցը Թուրքիոյ մէջ՝ յառաջացնելով աղմկայարոյց ցոյցեր մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան ջատագովներու կողմէ։ Թուրքիոյ մէջ անհաւասարութեան, գրաքննութեան եւ ճնշումներու դէմ պայքարելու համար ստեղծուած բազմաթիւ քաղաքացիական խումբերու եւ նախաձեռնութիւններու համար այս սպանութիւնը մեկնակէտ էր:
Հակահայ ազգայնական հռետորաբանութիւնը յատկապէս աշխուժացաւ Արցախեան պատերազմէն ետք, Եւրոպայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրաւական քննարկումներու ժամանակաշրջանին եւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընթացքին», ըսաւ Օզլեմ Պելչիմ Կալըփ: