ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Պապ Մենենտեզ յոյժ մտահոգիչ նկատեց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի արեւելեան սահմանագօտիին վրայ նորագոյն յարձակումը՝ ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ատրպէյճանին տրամադրուող զինուորական աջակցութիւնը կարելի կը դարձնէ հայերուն դէմ ուղղուած վայրագ գործողութիւնները:
«Ժամանակն է ընդունելու այդ օգնութիւնը դադրեցնելու մասին առաջարկս», նշեց Մենենտեզ:
Մենենտեզ երկու յաւելուածներ առաջադրած է երկրին ռազմական ամավարկին համար, պահանջելով կասեցնել Ատրպէյճանին տրուող ռազմական աջակցութիւնները:
Senator Menendez’s Suggestion to stop military aid to Azerbaijan is highly appreciated.
His effort would result in more meaningful goal if US imposes military embargo on Azerbaijan, so that they cannot even buy weapons of destruction that are being used against Armenians.