
ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Շաբաթավերջին, Ֆրանսիս պապը այցելեց Կիպրոս եւ Յունաստան:
Կիպրոսի մէջ պապը դիմաւորուեցաւ խորհրդարանի նախագահին կողմէ եւ օդակայանին մէջ տեղի ունեցած արարողութենէն ետք, պապը ուղղուեցաւ մարոնիներու Շնորհքներու Տիրամայր եկեղեցին, ուր հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի կաթողիկէ կղերական դասուն հետ՝ ներկայութեամբ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին եւ Երուսաղէմի լատիններու Փիերպաթիսթա Փիցապալլա պատրիարքին:
Նշենք, որ Հռոմէն Լառնաքա առաջնորդող թռիչքին ընթացքին, պապը ողջոյնի խօսք ուղղեց իրեն հետ ճամբորդող 77 լրագրողներուն՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ներկայութեան համար եւ նշելով, որ «ճամբորդութիւնը գեղեցիկ է, բայց նաեւ պիտի դպչինք վէրքերուն»:
«Կը յուսամ, որ մենք բոլորս պիտի կարենանք ընկալել պատգամները, զորս այնտեղ պիտի գտնենք», ըսաւ Ֆրանսիս պապը:
Ան ափսոսանք յայտնեց Կիպրոսի «սարսափելի ճեղքուածք»ին համար՝ նոյն ժամանակ կոչ ուղղելով՝ Եւրոպայի մէջ աւելի լայնախոհութեան, ազգայնամոլութեան եւ «վախի պատերու» փոխարէն, որովհետեւ ցամաքամասը կը դիմագրաւէ ապաստան փնտռողներու եւ գաղթականներու մեծ հոսք:
«Մենք պէտք է ողջունենք եւ ընդունինք զիրար եւ միասին քալենք իբրեւ եղբայրներ ու քոյրեր՝ բոլորս», ըսաւ ան:
Պապը Կիպրոսէն մեկնեցաւ երախտագիտութեան ուղերձով եւ ազգին համար խաղաղութեան աղօթքներով, մինչ կիպրացիները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին պապին՝ յոյսի, խաղաղութեան եւ միասնութեան ուղերձին համար:
Կիպրոսէն ետք պապը այցելեց Յունաստան: Անոր առաքելական 35րդ ճամբորդութեան յատկանշական վայրերէն մէկն էր Լեզպոս կղզին, ուր ան հանդիպում ունեցաւ այդտեղ ապաստանած գաղթականներուն հետ: Նախքան գաղթականներուն հետ պաշտօնական հանդիպումը, պապը շրջագայեցաւ գաղթավայրին մէջ՝ ողջունելով բազմաթիւ գաղթականներ, ժպիտ եւ շոյանք նուիրելով մանուկներուն, եւ քաջալերանքի խօսք՝ չափահասներուն:
Այս այցելութեան միջոցով պապը ուզեց անգամ մը եւս աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրել գաղթականներու հարցին, անոնց ապրած դժուարութիւններուն, անոնց նկատմամբ յաճախ ցուցաբերուած անտարբերութեան եւ խտրականութեան վրայ:
Աթէնքի մէջ, պապը մատուցեց եզրափակիչ Ս. պատարագ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Յունաստանի զանազան համայնքներ՝ ներառեալ հայեր: