
ՀԵԼԷՆ (ՄԱՆՈՅԵԱՆ) ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 10 Յունուար 1962ին, Լաթաքիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ դստեր, կնոջ, մօր, քրոջ, տալոջ, հարսին, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ, քեռկինին, զարմուհիին եւ հարազատին` Հելէն Կարապետեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 4 Դեկտեմբեր 2021ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները պիտի կատարուին Չորեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2021ին, կէսօրէն ետք ժամը 1ին, Whittier-ի Rose Hills գերեզմանատան SkyRose եկեղեցւոյ մէջ, 3888 Workman Mill Rd, Whittier, CA 90601։
Սգակիրներ՝
Մայրը՝ Սօսէ Մանոյեան
Ամուսինը՝ Պետիկ Կարապետեան
Որդիները՝ Սերօ եւ Արամ Կարապետեաններ
Քոյրը՝ Մայտա եւ Վարուժ Բաբումեան եւ որդին՝ Սեւակ
Եղբայրը՝ Գէւորգ եւ Լիզա Մանոյեան եւ զաւակները՝ Մեղեդի եւ Յովիկ
Տալերը՝ Սարգիս եւ Մատլէն Փարմաքսզեան եւ զաւակները (Լիբանան եւ Ամերիկա)
Սեդա Պարսամեան եւ զաւակները (Լիբանան եւ Գանատա)
Քեռիները՝ Յակոբ եւ Ովսաննա Պաղոյեան եւ զաւակները
Կայծակ եւ Զեփիւռ Պաղոյեան եւ զաւակները
Քեռկինը՝ Արփինէ Պաղոյեան եւ զաւակները
Մօրաքոյրները՝ Պօղոս եւ Լուսին Կիրակոսեան
Զաւէն եւ Սիլվա Էքմէքճեան եւ զաւակները
Սեդա Տէմիրճեան
Մօրաքրոջ ամուսինը՝ Պարգեւ Կիւլնազարեան եւ զաւակները (Գանատա)
Հօրեղբօր կինը` Մարիեթ Մանոյեան եւ զաւակները (Գանատա)
Եւ համայն Մանոյեան, Կարապետեան, Աճէմեան, Թօփալեան, Ժամկոչեան, Իսհակ, Ճինկիրեան, Յակոբեան, Սերոբեան, Գիզիրեան, Մարտիրոսեան (Խամօ), Տէր Գրիգորեան, Տէմիրճեան, Քիլէճեան, Դահանեան, Սուճեան, Բարսեղեան, Քէօշկէրեան, Գույումճեան, Քայփէկեան, Տէյիրմէնճեան, Աւագեան, Պապօղլեան, Տէր Պետրոսեան, Թասլաքեան, Բալուլեան, Պայթարեան, Չոպանեան, Մակարեան, Եկանեան, Պասմաճեան եւ Ֆերմանեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել՝ BYG-ին, In Memory of Helen Garabedian Fund (checks payable to BYG, 601 E. Avenida De La Merced, Montebello, CA 90640)։ Գումարը պիտի տրամադրուի Հայաստանի մէջ քաղցկեղէ տառապող հիւանդներուն:
ՀԵԼԷՆ (ՄԱՆՈՅԵԱՆ) ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, «Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմն ու պաշտօնէութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի եղբօր՝ «Ասպարէզ»ի փոխ խմբագիր Գէորգ Մանոյեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՀԵԼԷՆ (ՄԱՆՈՅԵԱՆ) ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի քրոջ եւ ամուսնոյն՝ իրենց ընկեր-ընկերոհւհիներէն Մայտա եւ Վարուժ Բաբումեաններուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՀԵԼԷՆ (ՄԱՆՈՅԵԱՆ) ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆի` Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի մանկամսուրի նախկին վարիչին, մահուան տխուր առիթով, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ամուսնոյն, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։