ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի Ծերկոյտի «Հանրապետականներ» խմբակցութեան նախագահ Պրիւնօ Ռըթայօ եւ Ծերկոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խմբակի փոխնախագահ Վալերի Պուայէ զրուցեցին տարի մը առաջ Ֆրանսայի Ծերկոյտին կողմէ գրեթէ միաձայնութեամբ հաստատուած` «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանաչելու անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւին յաջորդող քայլերուն շուրջ:
Ռըթայօ խօսեցաւ տարի մը առաջ տեղի ունեցած պատերազմին եւ յետ-պատերազմեան իրադրութիւններուն մասին, հայկական ողբերգութիւնը համարելով համամարդկային ցաւ:
«Ֆրանսայի Ծերակոյտը առաջինն էր որ Եւրոպայի մէջ Արցախի ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւ ընդունեց, որովհետեւ Արցախի պայքարը կը վերաբերի նաեւ մեզի: Մենք նոյն քաղաքակրթութիւնը եւ արժէքները ունինք եւ միայն Արցախի անկախութեան ճանաչումն է, որ կրնայ երաշխաւորել Արցախի ժողովուրդի ապագան: Ալիեւ կը շարունակէ պատերազմական քայլերը եւ յայտնի չէ, թէ ուր պիտի հասնի․ Ֆրանսա եւ Եւրոպա պէտք է Մինսքի խմբակի ջանքերով կասեցնեն զայն, որովհետեւ ան կը յարձակի ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ Հայաստանի վրայ: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է աւելին ընէ՝ կասեցնելու Ալիեւը եւ անոր դաշնակից Էրտողանը ու կը յուսամ, որ Ֆրանսա անոր մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ: Այդ բանաձեւով մենք Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին կ՛ըսենք, որ դուք առանձին չէք, մենք ձեր կողքին ենք եւ պիտի պաշտպանենք ձեր շահերը», ըսաւ Ռըթայօ:
Իր կարգին, Պուայէ ընդգծեցէ, որ այսօր Թուրքիա ոչ միայն Ատրպէյճանի գործընկերն է, այլ պատերազմը հրահրողներէն է:
«Միջազգային հանրութեան համար անընդունելի է Հայաստանի ներկայ իրավիճակը: Հակամարտութիւնը սառեցուած է, բայց լուծուած չէ: Հիմա Ատրպէյճանի կողմէ Մինսքի խմբակին անտեսումը անընդունելի է: Այսօր անոնք կը փորձեն Մինսքի խմբակը դարձնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները ճշդելու հարթակ: Նպատակը Հայաստանը խեղդելն է` կտրելով Իրանի հետ միակ սահմանէն: Տեղի ունեցածը անպատժելի մնացած Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է: Մեր տրամադրութեան տակ կան տարբեր գործիքներ այս իրավիճակին վրայ ազդելու: Առաջինը` դիւանագիտական ուղին է: Անցեալ տարուան 25 Նոյեմբերին, Ծերակոյտին եւ 3 Դեկտեմբերին խորհրդարանին կողմէ Արցախի ճանաչման մասին բանաձեւերու ընդունումը այդ ծիրին մէջ կատարուեցաւ: Երկրորդը` Արցախի հետ բարեկամական խմբակի ստեղծումն է, որ առիթ կու տայ խօսելու Արցախի եւ անոր իրաւական կարգավիճակին մասին: Մենք ունինք նաեւ այլ գործիքներ, որոնք կը գտնուին Եւրոպական Միութեան մէջ», ըսաւ Պուայէ՝ քննադատելով Պաքուի յառձակումներէն ետք խաղաղութեան կոչերը «կողմեր»ուն հասցէագրելու սովորութիւնը, ինչ որ ինք «ցեղասպանը եւ ցեղասպանուածը» հաւասարապէս դատելու համազօր քայլ մը կը նկատէ: