ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը 14 Դեկտեմբերին նախ երկկողմ հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի վարչապետին, ապա Ատրպէյճանի նախագահին հետ, որմէ ետք, նոյն օրը երեկոյեան, Փաշինեան եւ Ալիեւ պիտի նստին բանակցութիւններրու սեղանին շուրջ` Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց Եւրոպական միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը` անանուն մնալու պայմանով:
Ըստ նշեալ պածտօնեային՝ բանակցութիւններու օրակարգի հիմնական հարցը կողմերուն միջեւ փոխվստահութեան մթնոլորտ ապահովելն է:
«Այժմ մենք շատ քրտնաջան աշխատանք կը տանինք մեր հայ եւ ատրպէյճանցի բարեկամներուն հետ՝ այն գործընթացներուն վրայ, որոնք կրնան ամրապնդել վստահութիւնը իրենց միջեւ` հիմնուելով քանի մը շաբաթ առաջ պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ նախագահ Միշելի միջնորդութեամբ հաստատուած ուղիղ հաղորդակցման կապի շատ յաջող մեկնարկին վրայ», յայտնեց եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը` կարծիք յայտնելով, թէ «այդ ուղիղ կապին շնորհիւ արդէն կարելի եղած է հասնիլ կէտի մը՝ լարուածութեան որոշ մեղմացում ապահովելով»։
Անդրադառնալով 14 Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք եռակողմ հանդիպման` բարձրաստիճան դիւանագէտը խուսափեցաւ արդիւնքներուն մասին կանխատեսումներէ՝ ընդգծելով, որ քննարկումները կը շարունակուին:
«Այս պահուն տակաւին բաւական շատ աշխատանք կը տարուի: Ինչպէս գիտէք, խորհուրդի նախագահը յատկապէս յանձնառու է գտնել ճանապարհ՝ լարուածութենէն դուրս գալու համար, եւ այս նախապէս համաձայնեցուած հանդիպումը կարեւոր քայլ է այդ ուղղութեամբ», յայտնեց եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը: