ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Մինչ Լիբանանի քաղաքական տագնապը կը յամենայ եւ բարեկարգումներու գործադրութիւնը անկարելի կը թուի ըլլալ, լիբանանեան սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի սակը անցաւ 27.000 լ. ոսկիի սահմանը:
Այս իրականութեան դիմաց, բնականաբար, սղաճը արձանագրեց նոր վերելք, իսկ առեւտրականները բացայայտօրէն յայտարարեցին, որ սննդեղէնը եւ հանրախանութներուն վաճառած ապրանքներու սակերը արդէն իսկ ճշդուած են 30.000 լ. ոսկիի սակին հիման վրայ:
Միւս կողմէ, միջազգային պատուիրակներ եւ պատասխանատու անձնաւորութիւններ կ՛այցելեն Լիբանան եւ հանդիպումներ կ՛ունենան լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ` քննարկելով տեղական եւ շրջանային հարցեր:
Այս այցելութիւններու շրջագիծին մէջ, հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն ընդունեց Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Կիր Փետերսոնը, որուն յայտնեց, թէ միջազգային ընտանիքը պէտք է դիւրացնէ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ մէջ կարգ մը շրջաններ բոլորովին ապահով են, եւ տեղահանուած սուրիացիները կրնան վերադառնալ այդ շրջանները` միջազգային կազմակերպութիւններու ճամբով իրենց հասնող օժանդակութիւններուն վստահելու փոխարէն:
Աուն Փետերսոնի հետ քննարկեց նաեւ Լիբանանը յուզող տնտեսական եւ ապրուստի տագնապի մանրամասնութիւնները` նկատել տալով, որ սուրիացի տեղահանուածներուն բեռը եւս աւելցած է լիբանանցիին արդէն իսկ տագնապալի կեանքին վրայ: Ան հաստատեց, որ երկրին ենթակառոյցը գրեթէ մաշած է` դիտել տալով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ապաքինման ծրագիր մը պատրաստած է եւ պատրաստ է զայն քննարկելու Միջազգային դրամական հիմնադրամին հետ, որպէսզի վաւերացուի, եւ քանդուած մարզերու վերանորոգումը ապահովուի:
Իր կարգին, Փետերսոն յայտնեց, որ Աունին ներկայացուցած է նախանցեալ օր սուրիացի պատասխանատուներուն հետ իր կատարած խորհրդակցութիւններու մանրամասնութիւնները: Ան շեշտեց, որ այդ խորհրդակցութիւններուն նպատակն է՝ երաշխիքներ գտնել` Սուրիոյ տագնապը լուծելու:
Փետերսոն յայտնեց, որ ՄԱԿը եւ միջազգային ընտանիքը բարձր կը գնահատեն լիբանանեան պետութեան կողմէ սուրիացի տեղահանուածներուն ցուցաբերուած հոգատարութիւնը` հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ծանր պայմաններուն:
«ՄԱԿը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ յարմար ելքեր գտնելու, որպէսզի սուրիացի տեղահանուածները վերադառնան Սուրիա, եւ այս թղթածրարը կը նկատէ Ժընեւի մէջ տեղի ունենալիք իր քննարկումներուն առաջնահերթութիւնը», ըսաւ Փետերսոն:
Փետերսոն հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: