
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- 14 Դեկտեմբերին, Հեռաձայնային զրոյց մը տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներուն միջեւ: Ըստ Քրեմլինի տարածած հաղորդագրութեան` Վլատիմիր Փութին եւ Էմանուէլ Մաքրոն, շարք մը այլ հարցերու կողքին, մանրամասնօրէն քննարկեցին նաեւ Արցախի հակամարտութիւնը:
Փութին ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին ներկայացուց 26 Նոյեմբերին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հանդիպման հիմնական արդիւնքները:
«Փութին պատմեց, թէ ինչպէ՛ս կ՛ընթանան հրադադարի պահպանման, գաղթականներու վերադարձի, ինչպէս նաեւ առեւտրական, տնտեսական եւ փոխադրական կապերու վերականգնման իրականացման ուղղուած քայլերը», կը փոխանցէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: