Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը, 14 Դեկտեմբեր 2021ին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական Խորհուրդի (ԵԽ) նախագահ Շարլ Միշելի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հանդիպումին ընդառաջ հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը եւ Եւրոպական երկիրներու մէջ գործող իր յանձնախումբերը՝ իբրեւԵւրոպական Միութեան քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, Եւրոպական խորհուրդի նախագահին կոչ կ՛ուղղեն.
«- Վերահաստատել Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն եւ հիմնարար սկզբունքներուն, ներարեալ Արցախի/Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը․
«- Որդեգրել յստակ դիրքորոշում Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան նկատմամբ ատրպէյճանական շարունակուող սադրանքներու անընդունելիութեան վերաբերեալ․
«- Կոչ ուղղել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ անյապաղ եւ ամբողջութեամբ դուրս բերելու իրենց զինուած ուժերը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն․
«- Կոչ ուղղել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ ձեռնամուխ ըլլալու հայկական բնակավայրերու շուրջ, որոնց կարգին՝ Արցախի մէջ, ապառազմականացուած անվտանգութեան գօտիի ստեղծման․
«- Արձանագրել, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման որեւէ գործընթաց չի կրնար պարտադրուիլ ուժի կիրարկումով, մարդու իրաւունքներու ոտնահարումով՝ ի հաշիւ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան եւ
«- Կանխորոշել Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը՝ ատրպէյճանական պահանջներու շրջագիծին մէջ․
«- Ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վրայ՝ անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները եւ պահուող անձերը․
«- Ընդգծել, որ 2020ի պատերազմի արդիւնքով ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ վերահսկուող Լեռնային Ղարաբաղի բնակավայրերու բնիկ հայ բնակչութեան ցեղային զտումները հանդուրժելի չեն․
«- Փաստել, որ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ատրպէյճանի բռնապետական վարչակարգին կողմէ սանձազերծուած պատերազմը, վարձկան-ահաբեկիչներու տեղակայումով, չի կրնար յանգեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով յատուկ կարգավիճակ ունեցող որեւէ փոխադրամիջոցի կապի սահմանումին` ի հաշիւ Հայաստանի անվտանգութեան եւ տնտեսական շահերուն․
«- Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վրայ ճնշում գործադրել՝ դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան իւրացման եւ/կամ ոչնչացման քաղաքականութիւնը․
«- Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղել՝ դադրեցնելու հայատեացութեան եւ պատերազմական հռետորաբանութեան քաղաքականութիւնը»։