ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- 2022ին, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ՍԾՏՀԿ) կը դառնայ 30 տարեկան: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Պաղ պատերազմին աւարտով ստեղծուած իրադրութեան պայմաններուն մէջ, Անգարայի նախաձեռնութեամբ հիմնադրուած էր այս կազմակերպութիւնը: Յառաջիկայ ամիսներուն, ամենայն հաւանականութեամբ ՍԾՏՀԿի հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ, յոբելենական գագաթաժողով մը տեղի ունենայ Պոլսոյ մէջ: Արդարեւ, 30 տարի առաջ, նոյնպէս Վոսփորի ափին տեղի ունեցած էր այս կազմակերպութեան առաջին գագաթնաժողովը:
ՍԾՏՀԿը ունի միջազգային կազմակերպութեան կարգավիճակ: Անիկա ուրոյն ձեւաչափ մըն է, որուն մէջ համախմբուած են տարածաշրջանային դերակատարներ, նաեւ իբրեւ դիտորդ ներգրաւուած՝ միջազգային կարեւոր խաղացողներ: Նոյն ժամանակ, ՍԾՏՀԿը, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն տեսակէտէն, եղած է եզակի հարթակ մը: Դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ, Անգարայի եւ Երեւանի հնարաւոր նուազագոյն շփումներուն համար առիթ ընձեռած է այս կազմակերպութիւնը: Երկու երկիրներն ալ կարեւոր նկատած են անոր գործունէութիւնը, մինչ ՍԾՏՀԿը առիթ հանդիսացած է բարձր մակարդակով այցելութիւններու փոխանակման:
Ներկայիս, երբ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ նոր իրավիճակ մը ստեղծուած է, հաւանական է, որ Հայաստան բարձր մակարդակով մասնակցութիւն բերէ ՍԾՏՀԿի 30ամեակի յոբելենական գագաթնաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ: