Սոնա Մատարեան

Կեանքը՝ ժամանակն է, իսկ ժամանակը` կեանք: Փորձութեան լաւագոյն դպրոցը՝ կեանքի դպրոցն է:
Պատմութիւնը՝ լաւագոյն դասն է, սերտողին համար, իսկ ժամանակաշրջանը ինքը, անծանօթը կը դարձնէ ծանօթ եւ խոր մտածել կու տայ առաւել եւս ճանչնալու եւ ըմբռնելու զայն…
Շա՜տ խօսեցանք եւ շա՜տ գործեցինք, ազգովին՝ կազմակերպչական եւ քաղաքական մակարդակներով… սակայն, յաճախ մեր ԵՍը միշտ վեր պահելով ՎԵՐ բերինք նաեւ այլոց տկարութիւններն ու անընդունելի արարքները (երբեմն նոյնիսկ, մեր ԵՍի չափանիշներով եւ մասամբ նորին…). զարկի՛նք ու նուաստացուցի՛նք, ապա պառակտեցի՛նք ու պառակտուեցա՛նք…եւ մինչ օրս կը շարունակուի նոյն արարը…
Փա՛ստ է, որ ոչի՛նչ բարեփոխեցինք:
Արդ, ժամանակն է, լուսաւոր մտորումներու: Ազգովին եւ հայրենական մաշտապով գլխի գալ եւ կեանքի կոչել վերահաստատման ծրագիրներու իրականացումը:
Ծանօթ է, որ հոգեբանութեան մէջ դարմանուող «ախտ»ը, յաճախ դրական մօտեցումով լաւագոյն արդիւնքներ ապահոված է՝ «հոգեբան»ին եւ «հիւանդ»ին… ապա անոնք երկուստեք գոհ մնալով արդիւնքէն, շարունակած են գօտեպնդուիլ դրականով եւ հասած են լաւագոյն դարմանին…
Ժամանակն է, հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ խօսող, թէ գործող մեր բոլոր ղեկավարներուն, առաջնորդներուն եւ անոնց «խուլ» թէ «խելամիտ» հետեւորդներուն, հաւատալ ու զինուիլ, ո՛չ նախանձի, այլ բարութեա՛ն, ո՛չ թշնամիի այլ հարազա՛տի, ո՛չ կործանարարի, այլ շինարարի՛, ո՛չ բացասականի, այլ դրակա՛նի տրամադրութեամբ եւ հաւատքով մօտենալ եւ միաձուլուիլ ՝ ազգին եւ հայրենիքին նկատմամբ։ Առողջ եւ շինիչ, անանձնական գաղափարախօսութեան մտածումներով, որոշումներով եւ միասնական ոգիով ու ջանքերով պատնէշ կանգնիլ, որեւէ թշնամական, անընդունելի եւ կործանարար ծրագիրներուն դէմ, յիշելով, թէ անցեալին նման արարքներու հետեւանքները։ Հայրենիքի թէ հայրենի հողէն անդին ապրող ու գործող, ազգային եւ հայրենապաշտ գաղափարակիցներու եւ նուիրեալներու կեցուածքով դարերով դաստիարակուած են սերունդներ՝ ունենալու ողջախոհ նուիրում։ Ժամանակն է, տէր կանգնիլ եւ արդարօրէն առաջնորդել, իրերայաջորդ եւ յուսադրող մեր նոր սերունդներու տեսլականն ու ձայնը, որոնք նոր աշխարհի, նոր արհեստագիտութեան եւ նոր քաղաքականութեան ԼԵԶՈՒին քաջածանօթ են… փոխանցենք անոնց, արի ու առողջ ազգ եւ հայրենիք, որ համերաշխութեան եւ միասանականութեան նորակերտ պարիսպը պէտք է դառնայ՝ աշխարհի ազգակործան եւ հայրենակործան օտարացման առաջնորդող՝ քաղաքական ուժերուն դէմ:
Ի վերջոյ, «փիւնիկ»ի նման յարնելով ու աշխարհին բազմերանգ մշակոյթ, տաղանդ եւ գիտութիւն փոխանցող եւ գոյատեւած հայ ազգը, իրաւունք չունի կորչելու…
Եկէ՛ք միասնաբար, ազգային եւ հայրենական հաւատարմութեամբ, զինուինք ու արարենք միասնական եւ անմնացորդ ջանքերով եւ նուիրումով…
Ահա՛, այն ատեն միայն, փա՛ռքի ու պատի՛ւի արժանի կ՛ըլլան ազգին ու հայրենիքին նուիրուած՝ հոգեւոր եւ քաղաքական ղեկավարները, առաջնորդները եւ զաւակները:
Հայրենիքը մե՛րն է, մե՛նք հայրենիքին:
Այս պէտք է ըլլա՛յ ու մնա՛յ հայ ժողովուրդին արժանավայել ուխտը, ըստ հայրենիքն ու ազգը սիրող հայուհիին: