Զաւէն խանճեան
Քառասուն տարի անցաւ մեր Ամերիկա գտնուելուն: Մի քանի տարի ետք Պերճն (Գաբրիէլեան) ալ միացաւ: Բոլորս ալ անցած էինք պանդխտութեան ճանապարհէն մեր համալսարանաւարտ ըլլալէ ետք: Կամաւոր էր մեր պանդխտութիւնը, բաղդատած այս օրերու Միջին Արեւելքի աւելի պարտադրուած արտագաղթին: Բայց եւ այնպէս, տարածաշրջանի տնտեսաքաղաքական անդուլ տագնապներու ճնշումին տակ, մանաւանդ սուրիահայերուս պարագային, որոնք պարտադիր զինուորական ծառայութեան դամոկլեան սուրին տակ էին, կեանքը սահմանափակած էր ճանապարհի ընտրութիւններու մեր կարելիութիւնները:

Քառասուն տարի է, որ Խաղաղականի այս ափերուն, ուրիշներու կարգին կը վայելենք ամէնօրեայ օրաթերթ մը, որ մեր ազգային, հայրենական, հայրենակցական, գաղութային եւ մշակութային ծարաւին գոհացում կու տայ:
Համացանցէն մի քանի տասնամեակ առաջ, բնազդային մղումով, մեր ձեռքը կը մեկնէր բանալ «Ասպարէզ»ի մահազդներու յատկացուած էջը, տեղեկանալու համար գաղութի զաւակներու տերեւաթափին եւ եթէ հարկ է, ծրագրելու այն՝ որ պատշաճ է մեզմէ հեռացողին նկատմամբ: Սովորութիւնը չէ դադրած, հիմա նոյնը կ՛ընենք թուային գործիքներու վրայ:
Կեանքը ինչպէս որ է:
Երկար ատեն այդ էր մղումը եւ մենք ականատէս եղանք հրաժեշտներու երկար շարանի մը, սկսելով մեզի կեանք պարգեւող սերունդի ներկայացուցիչներէն, որոնց Եղեռնը արդէն գազանաբար անգամ մը պոկած էր իրենց հարազատ հողէն, նետելով զանոնք շարունակաբար օտար ափերու վրայ կայք հաստատելու քաշքշուքին մէջ: Հետեւեցանք տասնամեակներու տերեւաթափին, մինչեւ կարգը մեր սերունդին հասաւ:
Դիւրին չէր մեր ալ պանդխտութիւնը: Հազիւ շրջանաւարտ եւ ահա ետին թողելով հարազատներու գիրկը, վայելեցինք Արաբական ծոցի կիզիչ արեւն ու աւազամրրիկները: Տառապեցանք կարօտէ, ենթարկուեցանք տեղացիի քմահաճոյքին եւ սակայն հայու շինարար եւ աշխատասէր նկարագրով օժանդակեցինք միջին դարերու գիրկէն նոր դուրս ելլող այդ նորաբողբոջ երկիրներու կերտման աշխատանքին:
Վերջապէս, Լիբանանի պատերազմը շատերս նետեց Խաղաղականի այս ափերը: Պերճն ալ հասաւ այնտեղ: Միացանք, համախմբուեցանք, Ռիթան գտանք կամ Ռիթան գտաւ Պերճը: Բոյն կազմուեցաւ, կրկին ծուխ բարձրացաւ ծխնելոյզէն, ջերմ ու բարի տրամադրութեամբ խնճոյքներ սարքեցինք, աշխատանքի նոր ակօսներ հերկեցինք եւ լուսաւորուեցաւ Գաբրիէլեաններու բոյնը սերնդագործութեամբ ու դիմաւորեցինք Նարեկը խնդութեան բարձունքի մը վրայ:
Հակառակ մերթ ընդ մերթ ինքնիրեն թոյլատրած քաղաքական պոռթկումներուն՝ բարութեան, սիրոյ, քաղաքավարութեան, յարգանքի, հիւրասիրութեան, ընկերասիրութեան կծիկ մըն էր Պերճը: Ընտանիքի մարդ: Նուիրուեցաւ իր ընտանիքին, Ռիթային հետ պսակեց Նարեկը եւ անսահման կերպով հրճուեցաւ իր սիրասուն թոռնիկներով: Սիրեց բոլորը՝ ընտանիք, ընկերներ, ազգ, եկեղեցի եւ մարդկութիւն, այնքան՝ որ իր կուրծքին տակ գտնուող ծաւալով փոքր սիրտը անբաւարար մնալով իր դրսեւորած սիրոյն, զինք դաւաճանեց եւ հեռացուց այս աշխարհէն:
Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները Ռիթային որ անսահման սիրով, նուիրումով եւ զոհողութեամբ, լռելեայն հոգ տարաւ Պերճին: Ապրի՛ս Ռիթա: Իսկ Նարեկին հաւատքի արտայայտութիւնները հիացումով եւ մխիթարութեամբ ընկալեցի:
Կեանքի մէջ կան մարդիկ որոնք իրենց ներկայութեամբ իսկ բացակայ են: Իսկ կան ուրիշներ որոնք անանձնական սիրով, յարգալից, քաղցրաբարոյ պահուածքով եւ անխարդախ բարեկամական ոգիով իրենց բացակայութեամբ իսկ ներկայ են մեր կեանքերուն մէջ: Պերճը՝ երկրորդ փաղանգին կը պատկանի:
Սիրելի Պերճ, հողը թեթեւ գայ վրադ:
Դեկտեմբեր 29, 2021
First time I met Berj was 1973.
He would always ask me questions about the life in Soviet Armenia, because I had just emigrated to Lebanon. Few months latter when our family was ready to move to The United States, he wished me good luck and gave me valuable advice about getting education in the United States.
God Bless His Soul.