ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ռուսիա մտահոգ է, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները չեն կրնար Արցախ այցելել, նշեց ԵԱՀԿի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ:
«Մենք մտահոգ ենք, որ համանախագահներու եռեակը տակաւին չէ կրցած այցելել շրջանը, ծանօթանալու համար կացութեան եւ նախանշելու կարգ մը քայլեր` օգնելու կողմերու քաղաքացիներուն միջեւ կապեր հաստատելու հարցին մէջ, մարդասիրական հարցերը լուծելու», ըսաւ ան, յոյս յայտնելով, որ այդ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ մօտիկ ապագային:
Անդրադառնալով Արցախի ներկայ կացութեան` Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ հակառակ կարգ մը միջադէպերու, ընդհանուր առմամբ Ռուսիոյ ջանքերով կարելի եղած է շրջանին մէջ պահպանել կայունութիւնը: Ըստ անոր՝ կացութեան կայունացումը արտօնած է անդրադառնալու այլ հարցերու` ճամբաներու ապաշրջափակումին, «3+3» ձեւաչափով քննարկումին եւ այլն: