Երեքշաբթի, 18 Յունուարին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ (Պըրպենք) տեղի ունեցաւ եկեղեցականներու վարչական կարեւոր ժողով մը, որուն օրակարգին մաս կը կազմէին թեմական մակարդակի վրայ գտնուող զանազան կարեւոր հարցեր, նախապէս պատրաստուած ծրագիրներ եւ եկեղեցական-հովուական ծառայութեան վերաբերող նիւթեր: Ժողովին օրակարգին վրայ էին հետեւեալ նիւթերը.
– Համաճարակին պատճառով ստեղծուած ընկերային եւ եկեղեցական-ծիսական մտահոգութիւններ․
– 2022ին կը նշուի Արեւմտեան թեմի հաստատման 95ամեակը․
– Թեմին մէջ նոր եկեղեցիներու օծումները (Սան Տիէկօ՝ 28-30 Յունուար եւ Սաքրամենթօ՝ 1 Մայիս)․
– Հայրենիքի մէջ «Ձեռք երկարել եղբօր» ծրագիրի իրագործումները․
– Պատգամաւորական ժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ Մայիս 2022ին․
– Քահանայական թեկնածուներու պատրաստութեան ծրագիրը․
– «Թեմական Ուղեցոյց»ի թղթածրարը (հովուական, վարչական, ծիսական եւ եկեղեցական)․
– Առաջնորդարանին կողմէ 2022 թուականի հրատարակութիւններ․
– 2022 Տարին առաջնորդ սրբազանին կողմէ նուիրուած է «Հայ Քրիստոնեայ Ընտանիք»ին․
– Թեմի զարգացման հեռանկարներ․
– Չափահասներու հաւաքական մկրտութեան գործադրումը, որ տեղի պիտի ունենայ 24 Ապրիլ 2022ին,
– Մեքսիքայի մէջ նոր համայնքներու ձեւաւորում․
– Հայրենիքէն Տաւուշի թեմի առաջնորդին, Գերմանիոյ թեմի առաջնորդին եւ Հայաստանի բանտերու հոգեւոր հովիւին այցելութիւնները Արեւմտեան թեմ․
– Թեմիս սրբազան առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ, 22 Փետրուարին, Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցականներու տօնին ունենալիք հոգեւորականաց միօրեայ ժողովը եւ անոր օրակարգի բովանդակութիւնը: Նշելի է, որ 22 Փետրուարին տեղի ունենալիք միօրեայ ժողովը, որ տարին երեք անգամ տեղի կ՛ունենայ (այս աւանդութիւնը կը շարունակուի 2003էն ի վեր)․ նկատի ունենալով Արեւմտեան թեմի հաստատման 95ամեակը, անոր կրօնական նշանակութիւնը եւ կարեւորութիւնը, ժողովը ընտրած է «Ծիսական Պաշտամունք եւ Քրիստոնէական Կեանք» ընդհանուր բնանիւթը: Յատուկ ելոյթներով պիտի ներկայացուին քրիստոնէական կեանքին վերաբերող հետեւեալ կարեւոր նիւթերը.
– «Աստուածպաշտութիւն, Ծիսական Պաշտամունք եւ Քրիստոնէական Կեանք» (Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան)․
– «Եկեղեցական Աղօթքը իբր Հոգեւոր Ապրում» (Վազգէն քհնյ. Մովսէսեան)
– «Սուրբ Պատարագի մասնակցութիւնը եւ ներգործութիւնը հաւատացեալներու կեանքին մէջ» (Աւետիս քհնյ. Աբովեան):
Այս ծրագիրը կը գլխաւորէ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան: Այս նիւթերուն արծարծումով, 22 Փետրուարի ժողովին մասնակցող հոգեւորականներուն հիմնական նպատակն է՝ 95ամեակին առիթով «քրիստոնէական հոգին» ճոխացնել եւ նոր թափ մը ստեղծել թեմի հաւատացեալներուն մէջ:
Միօրեայ ժողովի աւարտէն ետք, երեկոյեան ժամը 6։30ին տեղի պիտի ունենայ Սուրբ պատարագ, ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալներուն: Նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Արեւմտեան թեմին մէջ ծառայած հանգուցեալ եկեղեցականներու ցուցատախտակի զետեղումը, անոնց անուններով:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ