ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող հայկական բնակավայրերուն յարակից հատուածներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական զինուած ուժերը 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութենէն ետք, մինչեւ 1 Յունուար 2022 արցախահայութեան նկատմամբ կատարած են 69 յանցագործութիւններ, որոնց առիթով յարուցուած են ընդհանուր 54 քրէական գործեր:
Արցախի գլխաւոր դատախազութենէն հաղորդագրութեամբ մը յայտնեցին, որ, ընդհանուր առմամբ, արձանագրուած են սպանութեան 5 յանցաւոր դէպքեր (քաղաքացիական անձերու սպանութեան` 3 դէպքեր), սպանութեան փորձերու` 28 (19ը` ուղղուած զինուորականներու դէմ), ահաբեկչական գործողութեան` 1, հրազէնի գործադրմամբ գոյքի ոչնչացման` 16 (10ը` ռազմական գոյքերու ոչնչացում կամ վնաս), գոյքերու ոչնչացման եւ վնասման փորձերու` 5, գողութեան` 3, կողոպուտի` 2, գերեզմանները ոչնչացնելու` 3, խոշտանգման` 4, սպանութեան սպառնալիքներու եւ մարդու առեւանգման` մէկական դէպքեր:
«Սպաննուել է 3 քաղաքացիական անձ եւ 10 զինուորական, սպանութեան փորձի ենթարկուել 77ը (50 զինուորական), տարբեր աստիճանի հրազէնային վիրաւորում է ստացել 37 անձ (28 զինուորական), ֆիզիքական բռնութեան է ենթարկուել 8ը, սպանութեան սպառնալիքի` 2ը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ, ըստ որուն արցախցիներու սեփականութեան իրաւունքին դէմ ուղղուած յանցաւոր ոտնձգութիւններուն պատճառով, յափշտակութեամբ (գաղտնի եւ բացայայտ) մարդիկ կրած են 17,710,000 դրամի գոյքի վնաս (յափշտակուած են խոշոր եղջերաւոր անասուններ եւ մէկ փոխադրամիջոց):
Կը նշուի, որ գոյքերու դիտաւորեալ ոչնչացման կամ վնասելու միտումով հարուած ստացած կամ թիրախաւորուած են 9 բնակելի տուներ, 3 գիւղատնտեսական սարքեր, 9 փոխադրամիջոցներ (7ն` ռազմական), շինարարական 2 սարքեր, հրկիզուած են 3 այգիներ եւ ցանքատարածքներ, հրազէնի գործադրութեամբ հեռահար թիրախ դարձած է խոշոր եղջերաւոր անասուններու 1 խմբաքանակ, արձանագրուած է առանձնապէս մեծ չափերու գոյքի վնաս:
Ըստ Արցախի գլխաւոր դատախազութեան՝ թուարկուած դէպքերէն բացի, Նոյեմբեր 2020էն ի վեր, Ստեփանակերտ քաղաքի, Ասկերանի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններու գիւղերուն կից տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերէն պարբերաբար տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակոցներ կ՛արձակուին մօտակայ հայկական բնակավայրերուն ուղղութեամբ կամ օդը, որուն իբրեւ արդիւնք յաճախ փամփուշտներ կը տեղան բնակարաններու տանիքներուն վրայ կամ բակերու մէջ, կը վնասուին բնակելի տուներու եւ այլ շինութիւններու պատերը:
«Ներկայացուած տուեալները փաստում են, որ եռակողմ յայտարարութիւնից յետոյ Ադրբեջանը պարբերաբար խախտում է «յայտարարութեան» 1ին կէտում նշուած` «կրակի ու ռազմական գործողութիւնների լիակատար դադարեցման» պայմանը, որի հետեւանքով սպաննւում են մարդիկ, խախտւում եւ ճնշւում են մարդու գոյութեան ու ապրելու համար անհրաժեշտ պարզագոյն իրաւունքներ», կը նշուի Արցախի գլխաւոր դատախազութեան յայտարարութեան մէջ` ուր կ՛աւելցուի, որ Ատրպէյճանի ահաբեկչական ու ցեղասպան գործողութիւններու ընդարձակումը զսպող գործօններ կը շարունակեն դարձեալ մնալ հայ զինուորը եւ ռուսական խաղաղապահ ուժերը: