ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 27 Յունուարին, Արցախի Կարմիր Շուկայ գիւղին եւ դիրքերուն ուղղութեամբ հակառակորդը դարձեալ խախտեց զինադադարի դրութիւնը եւ կրակ բացաւ տարբեր տրամաչափի զինատեսակներով: Այս մասին «Փաստինֆօ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց պաշտպանութեան բանակի խօսնակ Սուրէն Սարումեան:
Ան դիտել տուաւ, որ միջադէպին մասին անմիջապէս տեղեակ պահուեցաւ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ստորաբաժանման հրամանատարութիւնը: Անմիջապէս միջոցներու ձեռնարկուեցան՝ իրավիճակը կայունացնելու ուղղութեամբ:
«Ներկայումս իրավիճակը կայուն է, միջադէպից տուժածներ չկան», եզրափակեց Սարումեան:
Կարմիր Շուկայի դպրոցի տնօրէնը իր կարգին յայտնեց, որ կրակոցները տեւած են 15-20 վայրկեան: