ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախեան 44օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներու յիշատակին նուիրուած «Արեան Կանչը» խորագրեալ շարժապատկերը 10 Փետրուարին պիտի ցուցադրուի երեւանեան սրահներուն մէջ։
Գեղարուեստական այս ժապաւէնի բեմադրիչը՝ Արմէն Դալլաքեան, այս մասին յայտարարեց 2 Փետրուարին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին՝ դիտել տալով, որ անիկա պատրաստուած է իրական փաստերու հիման վրայ:
Վերջինս պատմեց, որ նման ժապաւէն մը պատրաստելու գաղափարը ծնաւ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին։ Անիկա գրուած է՝ իբրեւ ներկայացում, ապա վերածուած է գեղարուեստական ժապաւէնի:
«Երբ հանդիպեցի զոհուածների մայրերին, երբ պատմեցին իրենց հերոսների սխրագործութիւնները, հերոսի հեռախօսի մէջ իրական, կեանքով լի կադրերը տեսայ, որոշեցի նկարահանել ֆիլմը», յայտնեց Դալլաքեան։
Գլխաւոր հերոսները մարմնաւորող դերասանները` Ալինա Աւետիսեան, Իւետա Եդիգարեան, Աշոտ Վարդանեան եւ Արթուր Վաթեան պատմեցին, թէ ի՛նչ պիտի տեսնէ դիտողը 10 Փետրուարի անդրանիկ ցուցադրութեան։ Անոնք անդրադարձան իրական փաստերուն, որոնց հիման վրայ պատրաստուած է շարժապատկերը, խօսեցան հերոսներու կերպարներուն եւ ժապաւէնի գաղափարին ու անոր մէջ արծարծուած շեշտադրումներուն մասին:
Բեմադրիչը վստահեցուց, որ շարժապատկերի աւարտէն ետք պիտի ցուցադրուին իրական պատկերեր, որոնք տրամադրուած են հերոսներու ծնողներուն կողմէ։ Ըստ անոր՝ հանդիսատեսը փաստերով պիտի տեսնէ դերասանական խաղը, ապա՝ իրական դէպքերը եւ հոլովակները, նոյնիսկ տղոց խօսքերը մարտի դաշտին մէջ։
«Ֆիլմի ասելիքը կայանում է նրանում, որ հայ զինուորը ծնկի չի գալիս, իսկ եթէ ծնկի է գալիս, ապա միայն սուրբ խորանում` Աստծոյ առջեւ: Ֆիլմով ցոյց եմ տուել մեր զինուորների այն սխրանքները, որոնք ոչ մէկը չի տեսել: Կը տեսնենք, թէ որտեղ է քնել զինուորը», յայտնեց Դալլաքեան։
Ան պատմեց, որ ժապաւէնի նկարահանումները, որոնք տեւած են հինգ ամիս, իրականացուած են Երեւանի եւ Արմաւիրի մարզերուն մէջ: 10 Փետրուարին անիկա պիտի ցուցադրուի Երեւանի բոլոր շարժապատկերի սրահներուն մէջ, Մարտին՝ նաեւ մարզերուն մէջ: Այնուհետեւ անիկա պիտի ցուցադրուի Վրաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ: Աշխատանքներ կը տարուին, որպէսզի ժապաւէնը նաեւ ներկայացուի Սպանիոյ մէջ։